Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանավէճ` Նախարարաց Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Եւ Ժրայսաթիի Միջեւ

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պատասխանելու համար արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի կատարած մէկ յայտարարութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի բարեկարգումին նպատակով մսխուած գումարներուն մասին շատեր յայտարարութիւններ կը կատարեն` աւելցնելով, որ անոնց կարգին էր նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան անդամ արդարութեան նախարարին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ օդակայանին նորոգութեան համար 88 միլիոն տոլար կը ծախսուի:

Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը յստակացնէ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնող թիւը տարեկան 12 միլիոնի կը հասնի, այսինքն` օդակայանին կարելիութեան սահմաններուն կրկնապատիկ թիւը: «Հետեւաբար կառավարութիւնը պատրաստած է ծրագիր մը, որ օդակայանին կարելիութիւնը մինչեւ 2019-ի ամառ 10 միլիոն ճամբորդ ընդունելու սահմանին հասցնէ: Իսկ 8 փետրուար 2018-ին, Պաապտայի մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը օդակայանին մէջ առաջնահերթ նորոգութիւններու իրագործումին համար 18 միլիոն տոլարի յատկացում կատարած է, եւ օդակայանին մէջ կատարուած նորոգութիւնները այդ 18 միլիոն տոլարի սահմաններուն մէջ կ՛իյնան», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ժրայսաթի պատասխանեց այս հաղորդագրութեան` հաստատելով, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան այս նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր նախընթաց է:

Ան նշեց, որ կառավարութեան անդամ նախարարի մը տեղեկատուական միջոցներու ընդմէջէն տրուած այս պատասխանը լաւ նախընթաց մը չէ, մանաւանդ որ հարցը ուղղակիօրէն կը վերաբերի պետական պիւտճէին:

Ժրայսաթի նշեց, որ ինք 88 միլիոն տոլարի մասին յայտարարութիւնը մէջբերած է հանրօգուտ շինութեանց նախարարին կատարած յայտարարութենէն: «Երանի Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը ստուգէր այդ յայտարարութիւնը եւ ապա նախաձեռնէր ինծի հրապարակաւ պատասխանելու քայլին», ըսաւ Ժրայսաթի` աւելցնելով, որ Թաէֆի սահմանադրութեան մէջ նախարարին քաղաքական կշիռը 66-րդ յօդուածով պաշտպանուած է:

Այս շրջագիծին մէջ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան ազատագրելու լիբանանցիներու շահերուն ծառայող այն օրինագիծերը, որոնք իրենց դարակներուն մէջ պահուած են` նախարարներուն դէմ տեղեկատուական բանավէճ սկսելու փոխարէն: «Ի՛նչ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ բոլորս լաւ ըմբռնենք եւ իմանանք մեր Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան մասին, որպէսզի մեր իշխանութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները կազմակերպուին ու կարգաւորուին», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ. Լիբանանեան Դիմադրութեան Նահատակներու Յիշատակի Նշում

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Մեկնի Սթրազպուրկ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?