Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դատը հետապնդելու նպատակով գործող Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լա Հէյի մէջ նախանցեալ օր սկսաւ դատավարութեան իր վերջին նիստերուն, որոնց աւարտին պիտի արձակուի վերջնական վճիռը:
Սպանեալ վարչապետի որդին` վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր ուղղուեցաւ Լա Հէյ` ներկայ գտնուելու համար իր հօրը սպանութեան կապուած դատավարութեան նիստերուն, որոնց կը նախագահէ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ, դատաւոր Նորմըն Ֆերըլ:
Միջազգային դատական ատեանի նիստին ընթացքին ամբաստանող կողմը յայտնեց, որ Մուսթաֆա Պատրէտտին Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն էր եւ իր զինուորական փորձառութեան շնորհիւ ղեկավարած էր Սուրիոյ մէջ կռուող Հըզպալլայի մարտիկները:
Նոյն կողմին համաձայն, Պատրէտտին նաեւ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը մտայղացողն էր, իսկ Սելիմ Այյաշ ղեկավարած է Հարիրիի սպանութիւնը գործած վեց հոգինոց խմբակը: Ամբաստանող կողմը հաստատեց նաեւ, որ բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, թէ սուրիական վարչակազմը ուղղակի մեղսակից է Հարիրիի սպանութեան, որ կատարուած էր Լիբանանի մէջ սուրիական ներկայութեան նկատմամբ մերժողական կեցուածքի տիրական մթնոլորտին ընթացքին:
Դատավարութեան նիստէն ետք Լա Հէյէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք ներկայ գտնուած է դատավարութեան այդ նիստին` նկատի ունենալով անոր աւարտական նիստերէն մէկը ըլլալու իրականութիւնը:
«Այս պահը դժուար է ինծի համար, որովհետեւ Ռաֆիք Հարիրի եւ միւս բոլոր նահատակները մեզի հետ չեն. անոնք զոհուած են ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան եւ ոչ թէ Լիբանանի քանդումին: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ մենք արդարութիւն պահանջած ենք, որովհետեւ արդարութիւնը կը պաշտպանէ Լիբանանը, իսկ օր մը օրանց վրէժխնդրութեան մասին չենք մտածած», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի աւելցուց, որ ինք կառչած կը մնայ իր հօր եւ բոլոր նահատակներուն սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտելու իրաւունքին` մաղթելով, որ յանցագործները պատժուին:
Ան շեշտեց, որ իրենց համար ամէնէն կարեւորը Լիբանանն է եւ անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր ի գործ դրած ջանքերուն ու գործունէութեան:
Պատասխանելով կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը` վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կը կազմուի, երբ քաղաքական ուժերը վերջ տան մեծ թիւով նախարարութիւններ ստանձնելու իրենց պահանջին:
Նշենք, որ երէկ երկրորդ օրն ըլլալով դատավարութիւնը շարունակուեցաւ, եւ ամբաստանող կողմը ներկայացուց ամբաստանեալներ Հիւսէյն Օնէյսիի, Ասատ Սապրայի եւ Հասան Մերհիի վերաբերող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող փաստեր:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա վերահաստատեց իր կառչածութիւնը Միջազգային դատական ատեանին իր կատարած վկայութեան` աւելցնելով, որ ինք ճշմարտութիւնը ըսած է, եւ եթէ ստիպուի դարձեալ իր վկայութիւնը տալ, ապա նոյն բառերով պիտի արտայայտուի:
Սինիորա շեշտեց, որ իրենք ամբողջական ճշմարտութիւնը կը պահանջեն` հաստատելով, որ կարելի չէ ճշմարտութիւնը պակասաւոր ներկայացնել, այլապէս` իսկական կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել:
«Պէտք է սպասել Միջազգային դատական ատեանի վերջնական վճիռին եւ առարկայական կերպով վարուիլ` հեռու մնալով գերզգայնութիւններէ եւ վրէժխնդրութենէ», ըսաւ Սինիորա:
Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարա կոչ ուղղեց, որ Միջազգային դատական ատեանի վերջնական վճիռին արձակումէն ետք, հաշուետուութեան կանչուին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան բոլոր պատասխանատուներն ու մեղսակիցները:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք 13 տարի սպասած են արդարութեան: Ան աւելցուց, որ իրենք կայունութեան եւ ապահովութեան պաշտպանութեան ռահվիրաներ են` աւելցնելով, որ ոչ մէկ անգամ վրէժխնդրութեան կոչեր արձակած են: Ան մեծապէս գնահատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լա Հէյէն կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իրեն համար կարեւորը Լիբանանի կայունութիւնն ու անոր շահերն են:
Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ իրենք Լիբանանի համար արդարութիւն կը պահանջեն եւ ոչ թէ վրէժխնդրութիւն: «Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ ապահովութեան ազդակներէն մէկն է», հաստատեց Հպէյշ: