Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. Լիբանանեան Դիմադրութեան Նահատակներու Յիշատակի Նշում

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի բնակարանին` Մեհրապի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ժամալ Ժարրահ:

Քանաան յայտնեց, որ իբրեւ հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ իր ներկայութիւնը այս պատարագին փաստ մըն է, թէ հաշտութիւնը առկայ է, նահատակներուն միջեւ խտրութիւն չկայ, իսկ նախագահ Աուն կը պաշտպանէ հաշտութիւնը եւ կը հոգայ անոր:

Այս առիթով Ժահժահ շեշտեց, որ զիրենք լիբանանեան իշխանութիւններէն 15 տարի հեռացուցած են, սակայն իրենք ներկայիս խորհրդարանին մէջ 15 երեսփոխանով ներկայացուած են եւ վերածուած Հզօր հանրապետութիւն պլոքի:

Ան մաղթեց, որ ոչ ոք մոռնայ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջին նահատակը հանրապետութեան նախագահ Պաշիր Ժեմայէլն է, որ նահատակուեցաւ լիբանանեան պետութեան փրկութեան փորձ մը կատարած ըլլալուն համար:

Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը երկրին մէջ շարք մը հարցեր լուծելու կողքին, իր ներդրումը ունեցած է 25 տարի ետք հանրապետութեան նախագահութեան հասցնելու հսկայ ժողովրդականութիւն վայելող անձնաւորութիւն մը:

Ան նշեց, որ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պատմական նուաճում է եւ կարելի չէ կարկինը նեղցնելով դիտել զայն:

Ան կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն, որ ի՛նչ որ ալ ըլլայ` Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրէն ետք նահանջ չկատարեն իրենց միջեւ յարաբերութիւնները, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը իրենց ուսերէն լեռներու չափ բեռ թեթեւցուցած է:

Ան կոչ ուղղեց միասնաբար գործակցելու:

 

Նախորդը

Պշաալէի Մէջ. Պասիլ Կը Հաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Չափանիշները Ճշդելու Գծով Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւունքը

Յաջորդը

Բանավէճ` Նախարարաց Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Եւ Ժրայսաթիի Միջեւ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?