Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի նախանցեալ օր ընկերակցեցաւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին Զահլէ-Պաալպեք շրջանները կատարած հովուապետական այցելութեան:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Սթրազպուրկի մէջ արտասանուած խօսքը, որ կը վերաբերէր փտածութեան դէմ պայքարին, արժանացաւ եւրոպական 28 երկիրներու գնահատանքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սթրազպուրկի մէջ արտասանած խօսքը` հաստատելով, որ ան բացառիկ կերպով կը ներկայացնէ լիբանանցիներուն յոյսերն ու մաղթանքները` միջազգային ամպիոններէն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ անոր զաւակը` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռոպեր Ֆրենժիէի մահուան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Ժեմայէլ կոչ ուղղեց միասնականութեամբ պայքարելու Լիբանանի գերագոյն շահերուն սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անիս Նասսար շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը գտնուի Հըզպալլայի յայտարարած փտածութեան դէմ պայքարի նոյն խրամատին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւններուն միջեւ բախումները Լիբանանը կրնան վերադարձնել Թաէֆէն առաջ տիրող մթնոլորտին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը եւ դրամատնային մարզը լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը պահպանելու միջոցները ունին:

ՊՐԻԹԵԼԻ Համմուտիէ գիւղաքաղաքին մէջ Սալեհ եւ Իսմայէլ ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան նռնականետեր: Արձանագրուեցան վիրաւորներ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահին ներկայացուցած է կառավարութեան այնպիսի կազմ մը, որ կը պարունակէր նախապէս նախագահ Աունի կողմէ կատարուած բոլոր զգուշացումները:

 

Նախորդը

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հըզպալլա Խստիւ Դատապարտեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Օժանդակութիւններուն Կասեցումը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.