Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Խստիւ Դատապարտեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Օժանդակութիւններուն Կասեցումը

September 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկեան վարչակարգը կը շարունակէ Պաղեստինեան հարցին դէմ իր յարձակումները գործել` օգտագործելով ստորին բոլոր միջոցները, սկսեալ` ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրութենէն, անցնելով պաղեստինցի գաղթականներուն հոգացող բոլոր կազմակերպութիւններուն ֆինանսաւորման կասեցումին, հասնելով մինչեւ պաղեստինցի ժողովուրդին շրջափակումը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերոնշեալ բոլոր միջոցները կը միտին պաղեստինցի գաղթականներուն վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի անոնք հրաժարին իրենց իրաւունքներէն եւ դատէն:

«Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութիւններուն կասեցումը կը փաստէ, թէ Միացեալ Նահանգներ խաբեբայութիւն կը կատարեն մարդկային օժանդակութիւններ կատարելու իրենց առաքելութեան մասին: Ասիկա յստակ փաստ է, թէ անոնց նպատակը ժողովուրդներու որոշումներուն վրայ ազդել եւ քաղաքական շահեր ապահովելն է: Ամերիկեան վարչակազմը ինքզինք բազմիցս պաղեստինցի ժողովուրդին բարեկամ եւ Պաղեստինեան հարցի լուծման մէջ գործակից հռչակած է, սակայն ճշմարտութեան ժամը հնչելու պահուն ան բացայայտած է, թէ այս աշխարհին վրայ ան ոչ մէկ բարեկամ կամ դաշնակից ունի, բացի Իսրայէլէն ու իսրայէլեան շահերէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ կոչ ուղղելով աշխարհի բոլոր պետութիւններուն ու կառավարութիւններուն իմանալու ամերիկեան վարչակազմին ինքնութիւնը, որ հիմնուած է դաւաճանութեան եւ խաբեբայութեան վրայ: Հաղորդագրութեան մէջ աւելցուեցաւ նաեւ, որ տարիներու ընթացքին ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերուն կատարած գաղտնի գործողութիւնները, այսօր` Թրամփի իշխանութեան օրով, բացայայտօրէն կը կատարուին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ամէն Բան Նոյն Վիճակին Մէջ Է»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.