Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Ձախողեցուց Տահեշ-Ականներու Կողմէ Գործուելիք Ահաբեկչութիւններ

September 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու իր առաքելութեան շրջագիծին մէջ, հետապնդած է սուրիացի Ու. Ռ.-ն, ծնեալ` 1996-ին, եւ Արամունի մէջ կրցած է ձերբակալել զայն:

Հետաքննութեան ընթացքին ձերբակալեալը յայտնած է, որ 2011-ին մուտք գործած է Լիբանան, իսկ երկու տարի առաջ Սապրայի մէջ ծանօթացած է անհատներու, որոնք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան կը զօրակցին:

Ձերբակալեալը ազդուած է այդ խմբաւորումի գաղափարներէն եւ սկսած ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ համակրանք տածել ու հետեւիլ անոր ընկերային ցանցերուն միջոցով: Այս շրջագիծին մէջ, տարի մը առաջ ան ծանօթացած է սուրիացի Օ. Խ.-ին, ծնեալ` 1998-ին, որ կրցած է համոզել զինք եւ անոր հայթայթել ՏԱՀԵՇ-ի յատուկ տեսանիւթեր եւ հրատարակութիւններ:

Ապա Օ. Խ.-ն սկսած է անոր ուղարկել այնպիսի տեսանիւթեր, որոնք կը ցուցադրեն թոյն պատրաստելու, ինչպէս նաեւ ձեռնառումբ եւ ական շինելու բացատրութիւններ:

Ան բացայայտեց, որ ինք եւ Օ. Խ.-ն ծրագրած են Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ ծրագրած են ձայնարգել կրող ատրճանակներով լիբանանեան բանակի զինուորներ սպաննել` ներշնչուելով Եգիպտոսի մէջ կատարուած նման գործողութիւններուն մասին իրենց դիտած տեսանիւթերէն:

Ու. Ռ.-ի կատարած այս խոստովանութիւններուն հիմամբ, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի մէկ խմբակը հարաւային Լիբանանի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց Օ. Խ.-ն:

Ան նշեց, որ ինք 2014-ին իր հօրը հետ եկած է Լիբանան, ուր ապօրինի կերպով կը շարունակէ ապրիլ:

Օ. Խ. իր կարգին յայտնեց, որ ծանօթացած է անհատներու, որոնք կը զօրակցին ՏԱՀԵՇ-ին եւ համոզուած են ահաբեկչական այդ կազմակերպութեան գաղափարներով: Ան աւելցուց, որ ինք Ու. Ռ.-ի հետ ծրագրած է Հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ բանակայինները կրակոցի թիրախ դարձնել` ՏԱՀԵՇ-ի վրէժը լուծելու համար:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հանրապետութեան Միւֆթին Իսլամական Նոր Տարուան Առիթով Իր Պատգամը Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.