Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Տել Քոլի Հետ  Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութիւնը: Հարիրի ընդունեց նաեւ Թուֆիք Սուլթանը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի կարիքները:

Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Տունդարձի Հոլովոյթը Կը Շարունակուի

Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Հոլովոյթը Կը Շարունակուի

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր հսկողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու պատասխանատու գերագոյն յանձնախումբին գործակցութեամբ, սուրիացի տեղահանուածներ երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ հաւաքուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մօտ` դէպի Սուրիա տունդարձ կատարելու նպատակով: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ստուգեցին անոնց փաստաթուղթերը` կանխարգիլելու համար պետական փաստաթուղթերու գործառնութեան որեւէ սխալ, որ կրնայ արգելակել տեղահանուածներու վերադարձը: Միւս կողմէ,...

Սալամ Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Սալամ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սալամ շեշտեց, որ Ռիատ միշտ յանձնառու է Լիբանանի շահերուն: Ան նշեց, որ մօտիկ ապագային Սէուտական Արաբիա պիտի նշէ իր Ազգային տօնը` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը պատրաստակամ է ընդառաջելու Լիբանանի...

«Հըզպալլայի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Ամբողջ Լիբանանը Պիտի Ռմբակոծենք» Շեշտեց Իսրայէլացի Պատասխանատու Մը

Իսրայէլեան ուժերու հիւսիսային զօրամասի հրամանատարութեան պատասխանատու մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնաց ամբողջ Լիբանանը եւ անոր ենթակառոյցը ռմբակոծել Հըզպալլայի դէմ յաջորդ պատերազմին, որովհետեւ Հըզպալլա իսկապէս կ՛իշխէ Լիբանանին: «Հետեւաբար նոր պատերազմի մը սանձազերծուելուն պարագային Իսրայէլ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ տարբերութիւն պիտի չդնէ», ըսաւ ան: Իսրայէլացի զինուորական պատասխանատուն նշեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին Իսրայէլ սխալած էր Հըզպալլայի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի վաղը` չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Հալպուսիին` հաստատելով, որ լիբանանեան եւ իրաքեան խորհրդարանական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պիտի շարունակուին նոյն հեզասահութեամբ: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Հաստատեն Քուէյթի Իշխանին Հանդէպ Յարգանքը` Մերժելով Անոր Դէմ Որեւէ Ամբաստանութիւն Կամ Ցեխարձակում

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Հաստատեն Քուէյթի Իշխանին Հանդէպ Յարգանքը` Մերժելով Անոր Դէմ Որեւէ Ամբաստանութիւն Կամ Ցեխարձակում

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Սապահի հետ` հաստատելով լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւններուն ամրութիւնը եւ դրուատելով Լիբանանի նկատմամբ Քուէյթի իշխանին զօրակցական կեցուածքները: «Լիբանանցիները անկարելի է, որ մոռնան Լիբանանի նկատմամբ ձեր զօրակցական կեցուածքները, երբ երկիրը կը դիմագրաւէր ծանր օրեր ու պայմաններ», ըսաւ նախագահ Աուն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ոչինչ կրնայ նսեմացնել լիբանանեան-քուէյթեան եղբայրական յարաբերութիւնները`...

Զբօսաշրջական Վարժանիստ` Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդին Մէջ

Զբօսաշրջական Վարժանիստ` Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդին Մէջ

Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զբօսաշրջական վարժանիստ մը` կազմակերպութեամբ խորհուրդի զբօսաշրջութեան յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Վարժանիստին մասնակցեցան զբօսաշրջական տարբեր մարզերու մէջ գործող 150 հաստատութիւններու սեփականատէրեր, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական մարզի սենտիքաներու նախագահներ: Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ արտօնելի չէ երկիրը կասկածի տակ առնել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնող փոխադարձ մարտահրաւէրներ ուղղելու ճոխութիւնը չունինք: «Այս մասին...

Քանատայի Մէջ.  Պասիլ Մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արտերկրի Լիբանանցիներու Մարդկային Պաշարներու Գ. Խորհրդաժողովին

Քանատայի Մէջ. Պասիլ Մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արտերկրի Լիբանանցիներու Մարդկային Պաշարներու Գ. Խորհրդաժողովին

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Քանատա: Մոնրէալի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Քեպեքի միջազգային եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան յարաբերութիւններու նախարար Քրիստին Սեն Փիեռի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Քեպեքի մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւնները: Ապա Մոնրէալի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի արտերկրի լիբանանցիներու մարդկային պաշարներու Գ. խորհրդաժողովին` ներկայութեամբ Քրիստին Սեն Փիեռի: Իր խօսքին մէջ...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Արտակարգ Իրավիճակի Չէզոք Կառավարութիւն Մը` Պահպանելու Համար Լիբանանը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Արտակարգ Իրավիճակի Չէզոք Կառավարութիւն Մը` Պահպանելու Համար Լիբանանը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Իքլիմ Խարուպի շրջանը, ուր արժանացաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական հիւրընկալութեան: Պէյթէտտինի մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ դէմ նիւթուող բոլոր արշաւները պիտի չկարենան զայն տկարացնել կամ ոչնչացնել, որովհետեւ Փրկիչը խաչին վրայ փչեց իր վերջին շունչը, ապա մեռելներուն մէջէն յարութիւն առաւ, եւ մինչեւ իսկ դժոխքը անկարելի է, որ զայն տապալէ: Պարուքի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ` համայնքային հարցին պատճառով: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կանգ առած է եւ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կացութիւնը կը բարելաւուի: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց հասցէին ուղղուած վերջին ամբաստանութիւնը այն է, թէ իրենք կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութիւնը: «Երեւակայեցէ՛ք, որ...

Նախարար Կիտանեան Նախագահ Աունին  Ներկայացուց Զբօսաշրջութեան Մարզի  Արձանագրած Արդիւնքները

Նախարար Կիտանեան Նախագահ Աունին Ներկայացուց Զբօսաշրջութեան Մարզի Արձանագրած Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան նախագահ Աունին ներկայացուց երկրին զբօսաշրջութեան մանրամասնութիւնները` 2018-ի սկիզբէն մինչեւ օգոստոս ամսուան աւարտը: Կիտանեան հաստատեց, որ այդ ժամանակամիջոցին Լիբանան այցելած է 2 միլիոն 339 հազար զբօսաշրջիկ: Ան նշեց, որ լաւագոյն զբօսաշրջական տարին նկատուող 2010-ի նոյն ժամանակաշրջանին այդ...

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Կեդրոն

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Կեդրոն

Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումիի եւ Ատնան Թրապուլսիի, երէկ զօրակցական այցելութիւն մը կատարեց Պիր Հասանի ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի կեդրոնը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Պէյրութի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնիի: Հանդիպումէն ետք Ժապեր շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան...

Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան  36-րդ Յիշատակի Նշում

Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 36-րդ Յիշատակի Նշում

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան 36-րդ տարելիցին առիթով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ գտնուող նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ` 14 սեպտեմբերի նահատակներու յիշատակին նուիրուած: Այս առիթով, նահատակ նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց, որ իր հօր եւ անոր ընկերակիցներուն թափած արեան շնորհիւ իրականացած է երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը: Ժեմայէլ ընդգծեց, թէ ժամանակն...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան.  Ամբաստանող Կողմը Աւարտեց Իր Ատենախօսութիւնները`  Չորս Ամբաստանեալները Նկատելով Յանցապարտներ

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան. Ամբաստանող Կողմը Աւարտեց Իր Ատենախօսութիւնները` Չորս Ամբաստանեալները Նկատելով Յանցապարտներ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դատը հետապնդելու նպատակով գործող Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լա Հէյի մէջ շարունակեց դատավարութեան իր նիստերը, որոնց աւարտին պիտի արձակուի վերջնական վճիռը: Երէկ յետմիջօրէին ամբաստանող կողմը աւարտեց Միջազգային դատական ատեանին ներկայացուցած իր ատենախօսութիւնները` հաստատելով, որ չորս ամբաստանեալները` Մուսթաֆա Պատրէտտին, Հիւսէյն Օնէյսի, Ասատ Սապրա եւ Հասան Մերհի, յանցապարտներ են:

«Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Հակակշիռի  Տակ Է Եւ Անիկա Լաւագոյնն Է` Շրջանի  Եւ Աշխարհի Երկիրներուն Մէջ»  Շեշտեց Հաթեմ Մալլաք

«Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Է Եւ Անիկա Լաւագոյնն Է` Շրջանի Եւ Աշխարհի Երկիրներուն Մէջ» Շեշտեց Հաթեմ Մալլաք

Բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք այցելեց Պաթրուն, ուր ստուգեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակի թնդանօթային 12-րդ ջոկատի կեդրոնը, ուր ծանօթացաւ բանակի զօրամասերուն եւ անոնց աշխատանքներուն: Ան հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ, որոնց փոխանցեց հարկ եղած ցուցմունքները: Մալլաք դրուատեց «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան մէջ այդ ջոկատին մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստ վիճակը` պաշտպանելու համար իր դիրքաւորուած շրջաններուն կայունութիւնը: Մալլաք բարձր...

«Սիթա» Ընկերութիւնը Ներում Կը Հայցէ  Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի  Տուժած Ճամբորդներէն

«Սիթա» Ընկերութիւնը Ներում Կը Հայցէ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Տուժած Ճամբորդներէն

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ  արձանագրուած համակարգիչներու ընդհանուր խանգարումին եւ անոր պատճառով ճամբորդներու ահաւոր խճողումին, ապա թռիչքներու ջնջումին ու արտակարգ իրավիճակին համար «Սիթա» ընկերութիւնը ներում հայցեց տուժած ճամբորդներէն: Օրին Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան հաստատած էր, որ այս իմաստով ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ համակարգչային հաղորդակցութեան պատասխանատու «Սիթա» ընկերութեան վրայ: Իրապէս ալ ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի նախագահ Հանի Ասաատ շեշտեց, որ...

Զասիփքին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու  Թղթածրարին Լուծումը Միայն Լիբանանեան-Սուրիական  Գործակցութեամբ Կարելի Է Իրականացնել»

Զասիփքին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Լուծումը Միայն Լիբանանեան-Սուրիական Գործակցութեամբ Կարելի Է Իրականացնել»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, թէ որոշ ժամանակէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը տիրական ներկայութիւն դարձած է` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը միայն լիբանանեան-սուրիական գործակցութեամբ կարելի է իրականացնել, առանց այլընտրանքի: Ան նշեց, որ պէտք է այդ գործակցութիւնը աշխուժացնել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ոմանք այդ թղթածրարը օգտագործած են իբրեւ ճնշումի միջոց` սուրիական իշխանութիւններուն դէմ քաղաքական...

«Ինչպէս Որ Իսրայէլը Պարտութեան Մատնեցինք,  Պիտի Տապալենք Նաեւ Անոր Բնակեցման Ծրագիրը»    Շեշտեց Պասիլ

«Ինչպէս Որ Իսրայէլը Պարտութեան Մատնեցինք, Պիտի Տապալենք Նաեւ Անոր Բնակեցման Ծրագիրը» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Իսրայէլի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու ամերիկեան ծրագիր գոյութիւն ունի, նորութիւն չէ եւ ոչ ալ զարմանալի է: «Մենք վարժ ենք նման կեցուածքներու, որոնք կ՛որդեգրուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ ինք այդ հարցէն զգուշացուցած է, եւ իր վերջին զգուշացումը կատարուած է երկու օր առաջ` Արաբական լիկային...

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց  Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ  ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը` ներկայութեամբ ռուսական հարցերու իր խորհրդականին` Ժորժ Շաապանի: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են համաշխարհային ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ռուս դեսպանը ընդգծեց Մոսկուայի զօրակցութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու նպատակով վարչապետ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ի գործ...

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Համար Մեր  Գծած Ռազմավարութիւնը Կ՛անդրադառնայ  Զբօսաշրջական Բազմազանութեան»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Համար Մեր Գծած Ռազմավարութիւնը Կ՛անդրադառնայ Զբօսաշրջական Բազմազանութեան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ազատ տնտեսական գօտիներու միութեան տարեկան համագումարին նախօրեակին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ տնտեսական գօտիներու միութեան տարեկան խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 19 - 20 նոյեմբեր 2018-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենար անցեալ նոյեմբերին, սակայն մետասաներորդ պահուն յետաձգուած էր` նկատի ունենալով վարչապետի հրաժարականը: Նախարար...

Page 618 of 988 1 … 617 618 619 … 988

Արխիւներ