Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ընդգծեց, որ Լիբանանի սնանկացումին մասին վայնասունը չափազանցութիւններու եւ պոռոտախօսութեան հասկացողութիւններուն մաս կը կազմէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութենէն պահանջուած է լիբանանցիներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան հետ իր վստահութիւնը վերականգնել: Խալիլ յայտնեց նաեւ, որ կարելի չէ բարեկարգումի կարգախօսը բարձրացնել եւ փտածութեան դէմ պայքարիլ, երբ տակաւին անկարող ենք կառավարութիւն կազմելու:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները իբրեւ չափանիշ օգտագործելէ շեղելու պարագային կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ իրենք մարոնի համայնքի նախկին պատրիարքին` Նասրալլա Սֆէյրի կը պարտին Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութեան գոյացումը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ պետութենէն կը սպասուի Պեքաայի մէջ բարգաւաճման եւ ծառայութիւններու ծրագիրներ վաւերացնել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ միջմարոնիական համաձայնութիւնը առկախ ձգած է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ամէն տեսակի դիւրութիւն տրամադրեց` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի յաջողութեան ի խնդիր:

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ հոգալ լիբանանցիներուն կարիքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը սուրբ է, իսկ որեւէ տարակարծութեան ենթահողը քաղաքական է, իսկ քաղաքական տարակարծութիւնները յաւիտենական չեն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի ընդգծեց, որ տարակարծութիւն պատճառող թղթածրարները պէտք է առանձնացնել եւ այդպէս ուղղուիլ կառավարութեան կազմութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին մէջ մօտալուտ աւետիսներ տակաւին գոյութիւն չունին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ կորսուած ժամանակը աւելի սուղ է, քան փտածութեան գինը` կոչ ուղղելով անյապաղ կազմելու նոր կառավարութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ, իր խօսքը ուղղելով Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն, խոստացաւ անոնց յիշատակին գործել` լիբանանեան պետութիւնը դարձնելու կարող պետութիւն մը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը չդիւրացնելու իմաստով արտաքին հրահանգներ կան, «իսկ կառավարութեան կազմութեան գնդակը վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին մէջ կը գտնուի», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ իրենք պիտի մնան հանրապետութեան նախագահին զօրակցող ռահվիրաները` կոչ ուղղելով լրատուամիջոցներուն իրենց երեւակայութեան վստահելով բեմագրութիւններ չհիւսելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ ըսաւ. «Կառավարութեան կազմին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կարծիք տալու իրաւունքին նկատմամբ ցուցաբերուած ուրացումը նախագահի իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Սպայից վարժարան մուտք գործելու համար միջնորդութիւն եւ կաշառակերութիւն պիտի չկատարուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ ուրիշին իրաւասութիւններուն տիրանալ, առանց խնդրոյ առարկայ անձին հաւանութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի կոչ ուղղեց որդեգրելու համախոհական մթնոլորտ արտայայտող եզրեր, որպէսզի լիբանանցիները միասնականութեամբ շարունակեն իրենց կեանքը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք անկեղծօրէն ձեռք կ՛երկարեն բոլորին` պաշտպանելու Լիբանանը եւ անոր պետական հաստատութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ իրենք անվախօրէն պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` առանց արտօնելու, որ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին մէջ ոտնձգութիւններ կատարուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի հետ` շեշտելով ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի համար Քլէյաաթի օդակայանին օգտագործումը դարձած է անմիջական կարիք:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ սիւննի համայնքին իրաւասութիւնները ոտնակոխելու փորձերը պէտք է կասեցնել եւ վարչապետութեան պաշտօնը ազատ ձգել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է մտածել, որ կրնայ ճնշում բանեցնել վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ եւ զայն ենթարկել իր ընտրանքներուն: Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի միայն սահմանադրութեամբ եւ Լիբանանի շահերէն մեկնելով կը շարժի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու Թաէֆի համաձայնագիրով ճշդուած լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ եւ գոհարավաճառներու սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական վտանգաւոր իրավիճակէն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ թռիչքներ գործեց` ոտնձգութիւններ կատարելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ մինչեւ Իտլիպի ճակատամարտին աւարտը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի այցելուներէն, կը գրէ, թէ վարչապետը պիտի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները եւ վճռակամ է` շրջանցելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող բոլոր արգելքները:

 

Նախորդը

Թուրքիա Եւ Հոլանտա Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար Փոխադարձաբար Դեսպաններ Նշանակեցին

Յաջորդը

778 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?