Լիբանանեան

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան  Եւ Եունիսեֆ-Ի Միջեւ  Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Եունիսեֆ-Ի Միջեւ Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը կատարելու վիճակագրական աշխատանք` ճշդելու համար երեխաներու եւ կիներու կեանքերուն վրայ ազդող հարցերը: Համաձայնագիրը ստորագրեցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պատասխանատու Թանիա Շափուիզաթ: Վիճակագրական այս աշխատանքը պիտի կատարուի 2019-ին` բազմաճիւղ ցուցանիշներով խմբային վիճակագրութեան դրութեամբ, որ միջազգային վիճակագրութեան ծրագիր մըն է` հիմնուած 1995-ին եւ ապա...

Քլոտին Աուն-Ռուքոզ Ստանձնեց Արաբ  Կիներու Կազմակերպութեան Գերագոյն  Խորհուրդի Նախագահութիւնը

Քլոտին Աուն-Ռուքոզ Ստանձնեց Արաբ Կիներու Կազմակերպութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութիւնը

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ 18 եւ 19 դեկտեմբերին Օմանի մէջ կայացած 7-րդ համաժողովին ընթացքին ստանձնեց Արաբ կիներու կազմակերպութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը: Քլոտին Աուն-Ռուքոզ սոյն պաշտօնի գլուխը պիտի անցնի մարտ 2019-ին: Պաշտօնավարութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 2021: Նշենք, որ Արաբ կիներու կազմակերպութիւնը կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 2003 թուականին ստեղծուեցաւ Արաբական երկիրներու լիկայի աշխատանքներու ծիրին մէջ:

«Կառավարութեան Կազմութեան  Մէջ Հայութեան  Կնճիռ Չկայ. Դաշնակցութիւնը  Պիտի Պահէ Իր Իրաւունքը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կառավարութեան Կազմութեան Մէջ Հայութեան Կնճիռ Չկայ. Դաշնակցութիւնը Պիտի Պահէ Իր Իրաւունքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Նկատի ունենալով, որ Իպրահիմ նշանակուած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու յատուկ պատուիրակ, քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի լրատուական միջոցներուն կատարած տարբեր յայտարարութիւններով շեշտեց,...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Վահագն  Աթաբեկեան Նախագահ Աունին  Յանձնեց Իր Հաւատարմագիրը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Վահագն Աթաբեկեան Նախագահ Աունին Յանձնեց Իր Հաւատարմագիրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը, որմէ ստանձնեց անոր հաւատարմագիրն ու լիազօրագիրը: Պաշտօնական այս արարողութեան ներկայ էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Վահագն Աթաբեկեան ծնած է 1963-ին, աւարտած է Երեւանի եւ Մոսկուայի պետական համալսարանները: Փարիզի քաղաքական գիտութիւններու հիմնարկին մէջ հետեւած է միջազգային յարաբերութիւններու եւ ընկերաբանութեան ճիւղերուն եւ...

Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Երկրին Վերջին Իրադարձութիւնները

Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկրին Վերջին Իրադարձութիւնները

Նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս հարաւային սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ փապուղիներու խնդիրն ու Լիբանանի կեցուածքը այդ հարցին գծով: Անոնք անդրադարձան նաեւ կառավարութեան կազմութեան տագնապին եւ զայն լուծելու գծով տարուած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն փոխյարաբերութեան եւ զանոնք զարգացնելու միջոցներուն: Իր կարգին, Ռամպլինկ յայտնեց, որ...

Պասիլ Եւ Իպրահիմ` Արտաքին Գործոց  Նախարարութենէն Դէպի Հարիրիի  Կեդրոնական Պէյրութի Բնակարան

Պասիլ Եւ Իպրահիմ` Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Դէպի Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի Բնակարան

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերու ոլորտին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, որմէ ետք ուղղուեցան կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի բնակարանը` հանդիպելու վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ եւ արծարծելու կառավարութեան կազմութեան վերջին իրադարձութիւնները: Աւարտին, Պասիլ լրագրողներուն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ ըլլայ,...

Պըրրի Կ՛ընդունի Սէուտական  Արաբիոյ Դեսպանը

Պըրրի Կ՛ընդունի Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարեց, որ կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան սեմին. թէեւ կառավարութեան կազմութեան հասցնող լուծումները չորս ամիս առաջ առաջարկուած էին, սակայն աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք, ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ «կառավարութեան կազմուիլը անհրաժեշտ է, սակայն աւելի կարեւոր է յարմար կառավարութեան կազմութիւնը, որ ատակ պիտի ըլլայ գործեր ամբողջացնելու, մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ երկրին ու քաղաքացիին...

Լիբանան Կը Յարգէ ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւը,  Իսկ ՄԱԿ-ի Հաղորդագրութիւնը` Մտահոգեցուցիչ

Լիբանան Կը Յարգէ ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւը, Իսկ ՄԱԿ-ի Հաղորդագրութիւնը` Մտահոգեցուցիչ

Նախանցեալ օր ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան պատասխանելով, երէկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի Լիբանանի յանձնառու գործադրութեան եւ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւնները մերժելուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակէն կը պահանջէ բանաձեւին յանձնառու գործադրութեան հսկումը` գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ, մանաւանդ վերջին օրերուն ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: Կառավարութիւնը նաեւ բանակէն կը պահանջէ առաւել խիստ...

Իպրահիմ Կը Վստահեցնէ, Որ Կառավարութեան  Կազմութեան Երեք Քառորդ Ճամբան Կտրուած Է,  Իսկ Քանի Մը Օրէն Կազմութիւնը Կ՛ամբողջանայ

Իպրահիմ Կը Վստահեցնէ, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Երեք Քառորդ Ճամբան Կտրուած Է, Իսկ Քանի Մը Օրէն Կազմութիւնը Կ՛ամբողջանայ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին հետ: Հանդիպումի աւարտին Իպրահիմ ըսաւ, թէ տեսակցութիւնը նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան հիման վրայ իրականացած փուլերէն մէկն է, որ դրական կերպով ընկալուած է Խորհրդակցական հանդիպումին կողմէ: Ան աւելցուց, որ յաջողութեամբ պսակուած է տեսակցութիւնը, եւ եթէ դրական մթնոլորտը շարունակուի, կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ կը դառնայ: Իպրահիմ յայտնեց,...

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ  Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան հանգոյցները լուծելու իր ջանքերը, որոնց ծիրին մէջ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին. վերջինս իր վստահութիւնը յայտնեց կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն եւ ճգնաժամը շրջանցելուն` դիտել տալով, որ ասիկա ոչ թէ վարչակարգի, այլ կառավարման ճգնաժամ էր: Հանդիպումէն ետք իր տուած ասուլիսին ընթացքին նախկին վարչապետը ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ...

Պասիլ. «Կառավարութեան Հարցին Լուծման Գծով  Ոչ Մէկ Անտեսում, Այլ Զիջումներ Բոլոր Կողմերէն»

Պասիլ. «Կառավարութեան Հարցին Լուծման Գծով Ոչ Մէկ Անտեսում, Այլ Զիջումներ Բոլոր Կողմերէն»

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ համախմբումին հերթական ժողովէն ետք հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ կառավարութեան ծնունդի մեր մաղթանքները իրականացան Յիսուսի ծնունդին զուգահեռ: Ան ըսաւ, թէ իրենք կառավարութեան կազմութեան լուծումին կը հասնին առաջարկուած նախաձեռնութիւններու եւ զանազան գաղափարներու միջոցով` աւելցնելով, որ համախմբումը կ՛ապաւինի ճիշդ ներկայացուցչութեան եւ չափանիշներու միասնականութեան: Ո՛չ անտեսում, ո՛չ մերժում եւ ո՛չ ալ պարտադրողականութիւն գոյութիւն...

Պասիլ Դարձեալ Կը Շեշտէ Գաղթականներու  Եւ Տեղահանուածներու Բնակեցումը  Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

Պասիլ Դարձեալ Կը Շեշտէ Գաղթականներու Եւ Տեղահանուածներու Բնակեցումը Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

Երէկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի նախագահ Մարիա Ֆեռնանտա Էսպինոզային, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու յանձնաժողովի նախագահ Ֆիլիփօ Կրանտիին: Նամակը կ՛անդրադառնար տեղահանուածներուն նուիրուած համաշխարհային համաձայնութեան քուէարկութեան: Պասիլ կը գրէ, թէ Լիբանան կը մերժէ գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն բնակեցումը եւ կը շեշտէ անոնց տագնապը չքաղաքականացնելու կամ իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ չգործածելու կարեւորութիւնը: Պասիլ...

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի  Կ՛ընդունին Զօրավար Տել Քոլը

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Կ՛ընդունին Զօրավար Տել Քոլը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հարաւային սահմանին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները: Տել Քոլ նոյն նիւթով հանդիպում ունեցած էր նաեւ Վարչապետ Սաատ Հարիրի հետ` Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին: Միւս կողմէ, Հարաւային Լիբանանի...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Համաշխարհային  Խաղաղութեան Դեսպան  Կուրուտեւ Սրի Սրի Ռաւի Շանքարը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Համաշխարհային Խաղաղութեան Դեսպան Կուրուտեւ Սրի Սրի Ռաւի Շանքարը

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի հետ: Հանդիպման ընթացքին Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի ապագան հիմնուած է երկու կարեւոր հիմունքներու վրայ` անոր երիտասարդութեան եւ նախագահին: Իր կարգին, նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ երիտասարդութիւնը Լիբանանի ապագան է` վստահեցնելով, որ կ՛աշխատի Լիբանանի բարգաւաճման համար, որպէսզի երիտասարդութիւնը մնայ ու գործէ իր հայրենիքին մէջ: Աուն նաեւ...

«Եթէ Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւնը  Յամենայ, Զբօսաշրջութիւնը Պիտի Ըլլայ  Լիբանանը Բարձրացնող Գլխաւոր Գործօնը»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Կիտանեան. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Չուշանայ»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Լուպնան Ալհոր» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է. ան հանրապետութեան նախագահէն եւ խորհրդարանի նախագահէն լսած է, թէ լուրջ քայլերու կը դիմուի վարչապետ Հարիրիի համաձայնութիւնը առնելու այս գծով, եւ կը սպասուի Խորհրդակցական հանդիպումի ժողովին արդիւնքին: Ան ըսաւ. «Կ՛ենթադրեմ, որ բոլորս ալ համաձայն ենք, որ սիւննի անկախ երեսփոխանները ներկայացուին կառավարութեան մէջ, սակայն...

Պըրրի Տեսակցութիւններ Կ՛ունենայ`  Արծարծելով Երկրին Ներկայ Իրավիճակը

Պըրրի Տեսակցութիւններ Կ՛ունենայ` Արծարծելով Երկրին Ներկայ Իրավիճակը

Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Ահմետ Խազեն Համիտի հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` Այն Թինէի մէջ: Անոնք խօսեցան երկրի ներկայ իրավիճակին մասին եւ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները: Խորհրդարանի նախագահը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ալեւի խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ` գլխաւորութեամբ շէյխ Մոհամետ Խտըր Ասֆուրի, որ ըսաւ, թէ Պըրրիին հետ քննարկած են ալեւի համայնքին` Լիբանանի կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններու եւ վարչութիւններու մէջ...

Խորհրդակցական Հանդիպում. «Որեւէ Քայլ,  Որ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Արդիւնքին  Համաձայն Մեր Իրաւունքը Չ՛ընդունիր,  Լոյս Աշխարհ Պիտի Չգայ»

Խորհրդակցական Հանդիպում. «Որեւէ Քայլ, Որ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Արդիւնքին Համաձայն Մեր Իրաւունքը Չ՛ընդունիր, Լոյս Աշխարհ Պիտի Չգայ»

Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ժողով մը գումարեց երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմի, Ուալիտ Սըքքարիէի, Ժիհատ Սամատի եւ Ատնան Թրապուլսիի. ժողովէն կը բացակայէր երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Հանդիպման աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ յարգելով եւ հասկնալով հանդերձ հանրապետութեան նախագահին ջանքերը, երկրին կացութիւնը, երկիրը պատող վտանգները եւ յանուն հայրենիքին մեր ունեցած պարտաւորութիւնը`...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Պըրրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, շաբաթ կէսօրին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը եւ խորհրդակցութիւնները: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Հակառակ այն իրականութեան, որ երկրին իրավիճակը դրական ու լաւատեսական չէ, սակայն մենք...

Վարչապետ Սաատ Հարիրի  Վերադարձաւ Լիբանան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Վերադարձաւ Լիբանան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան` Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովին մասնակցելէ ետք: Շաբաթ երեկոյեան` ժամանումէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Հարիրի, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Հուսամ Հարիրիի, ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթը` այցելելու համար մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը: Վարչապետ Հարիրի եւ անոր որդին այցելեցին նաեւ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակ ընկերակիցներուն շիրիմները:  

Փտածութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցեր`  Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ

Փտածութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցեր` Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ

Աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութիւնն ու Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գործադրեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները լիբանանեան դրօշակներ բարձրացուցած Կեդրոնական դրամատան առջեւէն ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ: Անոնք կոչ ուղղեցին դատավարութեան ենթարկելու քաղաքական ներկայ փտած իշխանութիւնը` պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել ներկայ փտած համակարգը: Ցուցարարները հաստատեցին, որ կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները նոյն մետալին երկու երեսներն են: Ռիատ Սոլհ հասած...

Page 594 of 988 1 … 593 594 595 … 988

Արխիւներ