Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան` Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովին մասնակցելէ ետք:
Շաբաթ երեկոյեան` ժամանումէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Հարիրի, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Հուսամ Հարիրիի, ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթը` այցելելու համար մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:
Վարչապետ Հարիրի եւ անոր որդին այցելեցին նաեւ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակ ընկերակիցներուն շիրիմները:
 
			


