Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմ Կը Վստահեցնէ, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Երեք Քառորդ Ճամբան Կտրուած Է, Իսկ Քանի Մը Օրէն Կազմութիւնը Կ՛ամբողջանայ

Դեկտեմբեր 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին հետ: Հանդիպումի աւարտին Իպրահիմ ըսաւ, թէ տեսակցութիւնը նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան հիման վրայ իրականացած փուլերէն մէկն է, որ դրական կերպով ընկալուած է Խորհրդակցական հանդիպումին կողմէ: Ան աւելցուց, որ յաջողութեամբ պսակուած է տեսակցութիւնը, եւ եթէ դրական մթնոլորտը շարունակուի, կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ կը դառնայ: Իպրահիմ յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ համաձայնութեան հինգ կէտերէ, որոնք վարչապետ Հարիրիին պիտի ներկայացուին, որմէ ետք պիտի չուշանայ կառավարութեան կազմութիւնը:

«Բոլոր կողմերը զիջեցան, եւ ոչ մէկ կողմ վնաս կրեց: Վեթոյի խնդիր չկայ հոս, իսկ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ինք պիտի որոշէ իր ներկայացուցիչը», նշեց ան:

Իպրահիմ դիտել տուաւ, որ հանդիպման ընթացքին կապի մէջ էին նաեւ երկրէն դուրս գտնուող երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի հետ:

Այս ծիրին մէջ, Իպրահիմ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Իր կարգին, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտարարեց, որ բոլոր հանգոյցները լուծուած են, եւ Խորհրդակցական հանդիպումը պիտի ունենայ իր ներկայացուցիչը: Լիբանանցիները կառավարութեան կազմութեան լուրը պիտի ստանան մօտալուտ ապագային, ընդգծեց ան: Մըրատ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ Ապպաս Իպրահիմին` իրենց թափած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ դրական լուծումներ գտնուեցան:

Ան ըսաւ, որ Խորհրդակցական հանդիպումը 3-4 անուն պիտի փոխանցէ Ապպաս Իպրահիմին, որ անոնց մէջէն պիտի ընտրէ զանոնք ներկայացնող նախարարի թեկնածու մը: «Որեւէ խնդիր չկայ անկախ սիւննիներու եւ վարչապետ Հարիրիին միջեւ հանդիպում ունենալու վարչապետարանին թէ՛ նախագահական պալատին մէջ: Նախաձեռնութիւնը գրեթէ պատրաստ է, եւ նախքան հանդիպումին տեղի ունենալը Իպրահիմ ստացած պիտի ըլլայ թեկնածուներուն անուանացանկը, որպէսզի խորհրդակցի Աունին եւ Հարիիրին հետ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

«Տի Էքոնոմիսթ». Հայաստանը Ճանչցուած Է «Տարուան Երկիր»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?