Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Եւ Իպրահիմ` Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Դէպի Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի Բնակարան

December 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերու ոլորտին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, որմէ ետք ուղղուեցան կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի բնակարանը` հանդիպելու վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ եւ արծարծելու կառավարութեան կազմութեան վերջին իրադարձութիւնները:

Աւարտին, Պասիլ լրագրողներուն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ ըլլայ, իսկ անոր մեկնակէտը հանդիսացող առաջին նիստը` արդիւնաբեր: Ան յայտարարեց, որ մանրամասնութիւնները կը ձգէ նախագահին եւ վարչապետին:

«Ամէնէն շատ մեզ հետաքրքրողը չափանիշներու յարգումը եւ առանց «նեղութեան» կառավարութիւն մուտք գործելն է», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համամասնական օրէնքը բոլորին անխտիր` «փոքրամասնութիւններուն եւ մեծամասնութիւններուն», տուաւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան իրաւունք, իսկ վարչապետը հիմնական պատասխանատուն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հարթելու հոլովոյթին, նշեց ան: Բաւական ժամանակ կորսնցուցած ենք, եւ այս արդիւնքին կարելի էր հասնիլ շատ առաջ, բայց եւ այնպէս կարեւորը սխալներէն սորվիլն է, յայտնեց նախարարը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Պասիլ ըսաւ, թէ երկիրը աւելի ուշացում չի տանիր: «Այն քայլերը, որոնք կ՛արծարծենք մեր հանդիպումներուն ընթացքին, անցնող ամիսներուն անոնց մասին խօսուած է արդէն», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ աշխատանքները, ինչպէս անցեալին, կը շարունակուին առանց յուսահատելու:

 

Նախորդը

Պըրրի Կ՛ընդունի Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկրին Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.