Աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութիւնն ու Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գործադրեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները լիբանանեան դրօշակներ բարձրացուցած Կեդրոնական դրամատան առջեւէն ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
Անոնք կոչ ուղղեցին դատավարութեան ենթարկելու քաղաքական ներկայ փտած իշխանութիւնը` պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել ներկայ փտած համակարգը:
Ցուցարարները հաստատեցին, որ կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները նոյն մետալին երկու երեսներն են:
Ռիատ Սոլհ հասած մեծաթիւ ցուցարարներուն միացաւ նաեւ Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ:
Ցոյցին ընթացքին Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ եւ երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեցին փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, ընդգծեցին քաղաքական իշխանութեան փոփոխութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, համայնքային եւ յարանուանական պատնէշներէ դուրս գալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու առաջնահերթութիւնը:
Ղարիպ եւ Սաատ հաստատեցին մսխումի քաղաքականութեան վերջ մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը` անդրադառնալով երկրին տնտեսական լուրջ տագնապին:
Անոնք կոչ ուղղեցին ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ին աւելի ընդարձակ ցոյցի մը, որուն ընթացքին պիտի արձանագրուին մագլցողական քայլեր, եւ իրենք պիտի ուղղուին քաղաքացիական անհնազանդութեան:
Թրիփոլիի Մէջ
Թրիփոլիի մէջ երէկ` երրորդ շաբաթն ըլլալով, խումբ մը գործիչներ, որոնք քաղաքական պատկանելիութիւն չունին, հրաւիրեցին ցոյցի մը` փտածութեան դէմ բողոքելու նպատակով:
«Ապտել Համիտ Քարամէի» անուան հրապարակին վրայ կատարուած բողոքի ցոյցին ընթացքին անոնք պահանջեցին իրենց իրաւունքները` շեշտելով, որ քաղաքական իշխանութեան փտածութիւնը զիրենք կը սպաննէ:
Ցուցարարները պահանջեցին վերջ տալ Թրիփոլիի անտեսումին, ինչպէս նաեւ շեշտեցին Քլէյաաթի օդակայանը բանալու կարեւորութիւնը:
Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց իրաւունքները սակարկութեան առարկայ չեն:
Թրիփոլիի ցուցարարները նաեւ ընդգծեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց իրաւունքները պահանջել:
 
			



