Բանակը Զգուշացուց Սադրիչներն Ու Ապահովութիւնը Խախտել Փորձողները
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ազատ արտայայտուիլը, խաղաղ ցոյց կատարելն ու պատասխանատու լրատուամիջոցներուն ազատութիւնը սրբութեան համազօր արժէքներ են իրեն համար, բայց եւ այնպէս անոնք պէտք է մնան օրինականութեան շրջագիծին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ բանակին հիմնական պարտականութիւնն է պաշտպանել սահմանադրական կառոյցները, անձնական եւ հանրային սեփականութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը: Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր այն...




















