Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Ահմետ Խազեն Համիտի հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` Այն Թինէի մէջ: Անոնք խօսեցան երկրի ներկայ իրավիճակին մասին եւ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ալեւի խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ` գլխաւորութեամբ շէյխ Մոհամետ Խտըր Ասֆուրի, որ ըսաւ, թէ Պըրրիին հետ քննարկած են ալեւի համայնքին` Լիբանանի կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններու եւ վարչութիւններու մէջ ներկայացուցչութիւն ունենալու իրաւունքը: Ան աւելցուց, որ անդրադարձ կատարած են նաեւ երկրի վերջին իրադարձութիւններուն:
Պըրրի հանդիպում ունեցաւ եւ երկրին ներկայ իրավիճակին մասին քննարկումներ կատարեց նաեւ յաջորդաբար երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:



