Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ 18 եւ 19 դեկտեմբերին Օմանի մէջ կայացած 7-րդ համաժողովին ընթացքին ստանձնեց Արաբ կիներու կազմակերպութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը:
Քլոտին Աուն-Ռուքոզ սոյն պաշտօնի գլուխը պիտի անցնի մարտ 2019-ին: Պաշտօնավարութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 2021:
Նշենք, որ Արաբ կիներու կազմակերպութիւնը կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 2003 թուականին ստեղծուեցաւ Արաբական երկիրներու լիկայի աշխատանքներու ծիրին մէջ:



