Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի հետ: Հանդիպման ընթացքին Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի ապագան հիմնուած է երկու կարեւոր հիմունքներու վրայ` անոր երիտասարդութեան եւ նախագահին: Իր կարգին, նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ երիտասարդութիւնը Լիբանանի ապագան է` վստահեցնելով, որ կ՛աշխատի Լիբանանի բարգաւաճման համար, որպէսզի երիտասարդութիւնը մնայ ու գործէ իր հայրենիքին մէջ:
Աուն նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին կացութիւնը:
Մշակութային գետնի վրայ, նախագահ Աունին այցելեց «Կեանքի արուեստ» միութեան համաշխարհային խաղաղութեան դեսպան Կուրուտեւ Սրի Սրի Ռաւի Շանքարի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը հանրապետութեան նախագահը Հնդկաստան հրաւիրեց 2021-ին տեղի ունենալիք միջազգային մշակութային հանդիպումին:



