Լիբանանեան

Պասիլ. «Ս. Ծննդեան Տօնին Նուէրը  Պիտի Ըլլայ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Պասիլ. «Ս. Ծննդեան Տօնին Նուէրը Պիտի Ըլլայ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Մինչ լաւատեղեակ աղբիւրներ հաստատեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ գիշեր հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ` առանց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ յառաջխաղացք մը արձանագրած ըլլալու, երէկ Պասիլ այցելեց հարաւային Լիբանան: Սահմանամերձ շրջան մը կատարած իր այցելութենէն ետք Պասիլ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանան իր բանակով եւ Դիմադրութեամբ պաշտպանուած է: «Լիբանան պաշտպանուած է...

Իսրայէլ Չորրորդ  Փապուղի՞ Մը Կը Բացայայտէ

Իսրայէլ Չորրորդ Փապուղի՞ Մը Կը Բացայայտէ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան յայտնած են, թէ բացայայտած են չորրորդ գետնափոր փապուղի մը: Թինընթի հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու նպատակով:    

Միւֆթի Տըրիան Միքաթիի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Միւֆթի Տըրիան Միքաթիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Ապա Միքաթի մասնակցեցաւ Տար Ֆաթուայի մէջ գումարուած Կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ մեծ վտանգներ, որոնք կ՛ենթադրեն իսլամական ազգային միասնականութեան ամրապնդումը: Ան հաստատեց, որ պէտք է զօրակցիլ վարչապետ...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պշարա Ռայի  Պատրիարքը Եւ Պրազիլի Նախագահին  Անձնական Ներկայացուցիչը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը Եւ Պրազիլի Նախագահին Անձնական Ներկայացուցիչը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Նախագահ Աուն Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց քաղաքական վերջին զարգացումները եւ երկրին ընդհանուր կացութիւնը: Կողմերը նաեւ անդրադարձան պատրիարքին Հռոմ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն եւ ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպման: Պատրիարքը նախագահին յայտնեց, որ հանրապետութեան պատասխանատուութիւնը միայն հանրապետութեան նախագահին ուսերուն վրայ չի դրուիր, այլեւ` իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի, յատկապէս անոնց վրայ,...

Նախարար Կիտանեան Ընկերակցութեամբ  Արաբ Կին Լրագրողներու Պատուիրակութեան  Կ՛այցելէ Նախագահ Աունի

Նախարար Կիտանեան Ընկերակցութեամբ Արաբ Կին Լրագրողներու Պատուիրակութեան Կ՛այցելէ Նախագահ Աունի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընկերակցութեամբ արաբ կին լրագրողներու մէկ պատուիրակութեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նշենք, որ լրագրողներու պատուիրակութեան մաս կազմեցին այն կին լրագրողները, որոնք բացումը կատարեցին «Լիբանանի մէջ արաբ կին լրագրողներու կեդրոն»-ին: Պատուիրակութեան, որուն նախագահեց Զենա Ֆայեատ, մաս կազմեցին Յորդանանէն, Սէուտական Արաբիայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն եւ Մարոքէն լրագրողներ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զիրենք ընդունելուն...

Պըրրի Ընդունեց Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինի  Աջակցութեան Համաշխարհային Խորհուրդը

Պըրրի Ընդունեց Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինի Աջակցութեան Համաշխարհային Խորհուրդը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի աջակցութեան համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Մահմուտ Արսլանի (Թուրքիա): Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ Թուրքիայէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն, Ալճերիայէն, Մարոքէն, Թունուզէն, Սուտանէն, Մաւրիտանիայէն, Պաղեստինէն եւ Սենեկալէն: Պատուիրակութեան նախագահը գնահատեց Պըրրիի յարատեւ աջակցութիւնը Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին` շեշտելով կարեւորութիւնը բազմապատկելու ճիգերը` օգնելու համար Երուսաղէմին եւ Պաղեստինին դիմագրաւելու իսրայէլեան առօրեայ յարձակումները...

Սարրաֆ Համագործակցութեան Համաձայնագիր  Ստորագրեց Պրազիլի Նախագահին  Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

Սարրաֆ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրեց Պրազիլի Նախագահին Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Պրազիլի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ  Քարլոս Էտուարտօ Խավիեր Մարունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Քորտերօ Տէ Անտրատէ Փինթոն: Ընդունելութենէն ետք, Մարուն ծաղկեպսակ զետեղեց պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զոհերու յուշակոթողին: Ապա, երկու կողմերը ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Սարրաֆ դրուատեց լիբանանցիները պրազիլցիներուն կապող պատմական բացառիկ յարաբերութիւնները` կարեւոր նկատելով համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:...

Մաշնուք Ընդունեց Ռուսական Դաշնային  Յանձնախումբի Նախագահի Առաջին Տեղակալը

Մաշնուք Ընդունեց Ռուսական Դաշնային Յանձնախումբի Նախագահի Առաջին Տեղակալը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց զինուորական համագործակցութեան ռուսական դաշնային յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ֆրոլքին Ալեքսին եւ, Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռաթմիր Ղապասովը` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդական Ժորժ Շաապանի, եւ անոնց հետ քննարկեց Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանի քաղաքական կացութիւնը: Մաշնուք իր հիւրին առջեւ հաստատեց լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններու ամրութիւնը եւ շեշտեց Սուրիոյ մէջ ռուսական...

Հարիրի. «Մենք Կառավարութիւնը Կազմելու  Վերջին Հարիւր Մեթրին Մէջ Կը Գտնուինք»

Հարիրի. «Մենք Կառավարութիւնը Կազմելու Վերջին Հարիւր Մեթրին Մէջ Կը Գտնուինք»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Լոնտոնի մէջ ըսաւ, թէ Լիբանան տակաւին խաղաղութեան եւ կայունութեան ովասիս է: «Մենք շատ դասեր քաղեցինք մեր ապրած քաղաքացիական պատերազմէն: Ես ջանք կը թափեմ, որպէսզի տարբեր կողմերու միջեւ վէճերը չվերսկսին», յայտնեց Հարիրի: Հարիրի նշեց, որ Լիբանան կ՛ապրի դժուար եւ բարդ շրջանի մը մէջ: «Պէտք է աշխատինք, որպէսզի խուսափինք Սուրիոյ պատերազմի Լիբանան ներթափանցումէն եւ խուսափինք նաեւ Նեթանիահուի կառավարութեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը եւ անոր յայտնեց, որ Լիբանան կը սպասէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զեկուցումներուն` գետնափոր փապուղիներուն մասին, ստուգելու համար, որ եթէ անոնք անցած են «Կապոյտ գիծը»: Աուն շեշտեց, որ Լիբանան զգուշութեամբ կը հետեւի այս հարցին, որպէսզի Իսրայէլ չօգտագործէ այս կացութիւնը հարուածելու համար...

Պըրրի Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Պըրրի Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան երկրին ներքաղաքական վերջին զարգացումները: Ժեմայէլ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք Պըրրիին հաստատած են իրենց առաջարկը` արագօրէն կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ բաղկացած ըլլայ մասնագէտներէ, որպէսզի լուծումներ գտնեն տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն եւ պահպանեն այն, ինչ որ մնացած է երկրէն` սպասելով...

Պշարա Ռայի Պատրիարքը  Ընդունեց Ամին Ժեմայէլը

Պշարա Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ամին Ժեմայէլը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ անոր հետ քննարկեց շարք մը ներքին հարցեր: Ժեմայել նշեց, որ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է արագօրէն կազմել կառավարութիւնը` փրկելու համար երկիրը: Ըստ անոր, կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է կատարուի առողջ հիմքերու վրայ, որոնք կը հանգստացնեն լիբանանցի ժողովուրդը ազգային եւ բարոյական գետնի վրայ: Ան աւելցուց, որ շատ...

Մաթարպայի Մէջ.  Բանակի Անցարգելը Ռմբակոծելու Փորձ

Մաթարպայի Մէջ. Բանակի Անցարգելը Ռմբակոծելու Փորձ

Լիբանանեան-սուրիական Մաթարպա սահմանամերձ շրջանին մէջ երէկ ուշ գիշերին լիբանանեան բանակի անցարգելին դէմ կատարուեցաւ ռմբակոծումի փորձ մը: Անցարգելին դէմ արձակուեցաւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը, որ սակայն չկրցաւ թիրախ դարձնել զայն: Նշենք, որ այդ դէպքէն ժամեր առաջ Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ զինեալներ յարձակում գործեցին բանակի շրջուն ջոկատին դէմ` թեթեւօրէն վիրաւորելով չորս բանակայիններ: Պէտք է աւելցնել, որ նախքան այս յարձակումը, բանակը...

«Արսլանի Հետ Հանդիպումը Տիւրզիական  Զարթօնքի Ծրագիր Է»  Ըսաւ Ուահապ

«Արսլանի Հետ Հանդիպումը Տիւրզիական Զարթօնքի Ծրագիր Է» Ըսաւ Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ երէկուան հանդիպումը նկարագրեց իբրեւ տիւրզիական զարթօնքի ծրագիր: Ուահապ թուիթըրեան իր էջին վրայ տեղադրած է հանդիպումին նկարը եւ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Թալալ Արսլանի հետ. հաւատարմութեան եւ քաջ կեցուածքի մարդը դժուար պահերուն, ան ապացուցեց իր հոգատարութիւնը տիւրզիներուն հանդէպ 8 մայիս 2008-ին եւ այդ կեցուածքը կրկնեց 1...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան նպատակով նախագահ Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն` մաղթելով, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին: ՀՅԴ Լիբանանի...

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Սիւննի  Խորհրդակցական Հանդիպում»  Պլոքը Եւ Թայմուր Ժոմպլաթը

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպում» Պլոքը Եւ Թայմուր Ժոմպլաթը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց «Սիւննի խորհրդակցական հանդիպում» պլոքի երեսփոխանները: Երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «կ՛ողջունենք նախագահ Աունի ճիգերը: Անոր նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք կը շարունակենք կառչած մնալ կառավարութեան մէջ նախարարով մը ներկայացուելու մեր իրաւունքին»: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը, որուն կ՛ընկերակցէին երեսփոխան Հատի Ապու Հասան եւ երեսփոխան...

Պըրրի. «Կը Յուսամ, Որ Հանրապետութեան  Նախագահին Խորհրդակցութիւնները Կ՛աւարտին  Կառավարութեան Կազմութեամբ»

Պըրրի. «Կը Յուսամ, Որ Հանրապետութեան Նախագահին Խորհրդակցութիւնները Կ՛աւարտին Կառավարութեան Կազմութեամբ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխաններուն հետ Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին խորհրդակցութիւնները եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները մօտիկ ապագային կ՛աւարտին կառավարութեան կազմութեամբ: Ան վերահաստատեց, որ «Լիբանան կարիքը ունի ներդաշնակ կառավարութեան մը, որ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց, որոնք կը դիմագրաւենք տարբեր մակարդակներու վրայ»: Պըրրի նշեց, որ կան բազմաթիւ առաջարկներ եւ գաղափարներ` լուծելու համար տագնապը եւ կազմելու...

Յունաստանի Մէջ.  Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ  Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսի

Յունաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնած էր Յունաստան, մասնակցեցաւ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Զբօսաշրջական միջազգային ցուցահանդէսին: Նշենք, որ Լիբանան իբրեւ պատուոյ հիւր ներկայ գտնուեցաւ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսին, որ 5-րդն էր իր տեսակին մէջ: Միւս կողմէ, Ա. Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցին` Էլենա Քունթուրայի հետ, ներկայութեամբ` նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի եւ Յունաստանի մէջ Լիբանանի...

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Համար  Բոլոր Առաջարկները Լաւ Են, Երկիրը Կարիքը Ունի  Կառավարութեան Եւ Վերջակէտ»

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Համար Բոլոր Առաջարկները Լաւ Են, Երկիրը Կարիքը Ունի Կառավարութեան Եւ Վերջակէտ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանեան-բրիտանական ներդրումային համագումարի ծիրին մէջ ըսաւ, թէ համագումարը յաջող էր եւ դրական, եւ անոր մասնակցած են տնտեսական մեծ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուզած են գիտնալ, թէ Լիբանանի մէջ ի՞նչ կը կատարուի: «Եւ զգացինք, որ ներդրողները կ՛ուզեն գալ Լիբանան, որովհետեւ գիտեն, որ կան իսկական առիթներ` տրամադրուած «Սետր»-ի կողմէ: Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես բոլորին հետ...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Գետնափոր  Փապուղիներ Փնտռելու Աշխատանքները

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Գետնափոր Փապուղիներ Փնտռելու Աշխատանքները

Իսրայէլեան ուժերը յաջորդաբար 9-րդ օրն ըլլալով երէկ շարունակեցին գետնափոր փապուղիներ փնտռելու աշխատանքները, Քֆարքիլայի շրջանի Ֆաթիմայի դարպասին դիմ աց եւ սահմանամերձ շրջանի զինուորական ճամբուն մօտ: Իսրայէլեան 4 քարշակներ կտրած են թեքնիք պարիսպը Մէյս Էլ Ժապալ գիւղաքաղաքին մօտ եւ սկսած են փորելու ու վերցնելու հողերը Կապոյտ գիծին երկայնքով` առանց խախտելու: Ուազզանիի շրջանին մէջ, երկու քարշակներ կատարած են փորելու եւ հողերը հանելու աշխատանքներ`...

Page 595 of 988 1 … 594 595 596 … 988

Արխիւներ