Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Լուպնան Ալհոր» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է. ան հանրապետութեան նախագահէն եւ խորհրդարանի նախագահէն լսած է, թէ լուրջ քայլերու կը դիմուի վարչապետ Հարիրիի համաձայնութիւնը առնելու այս գծով, եւ կը սպասուի Խորհրդակցական հանդիպումի ժողովին արդիւնքին:
Ան ըսաւ. «Կ՛ենթադրեմ, որ բոլորս ալ համաձայն ենք, որ սիւննի անկախ երեսփոխանները ներկայացուին կառավարութեան մէջ, սակայն անհամաձայնութիւնը անոնց ներկայացման ձեւին մէջն է: Այս հարցին լուծումը կարիքը ունի վարչապետ Հարիրիի եւ անկախ սիւննիներուն միջեւ հանդիպումի մը, որպէսզի հարցը լրջօրէն քննարկուի»:
Կիտանեան աւելցուց. «Նախագահ Աունի համաձայնութենէն ետք, որ անոնք իր բաժինով ներկայացուին, թերեւս վարչապետ Հարիրին եւս ընդունի այս լուծումը, սակայն անհամաձայնութիւնը ձեւին մէջն է: Կա՛մ դէպի առաջ կը քալենք եւ կառավարութիւնը կը կազմենք, կա՛մ մութ փակուղիի մէջ կը մտնենք»:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումէն եւ նախարար Պասիլի հետ կայացած հանդիպումէն ետք յստակ դարձած է, թէ ո՛ր կողմի բաժինէն պիտի ըլլայ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը: «Մենք այսօր իշխանութեան երեք պետերէն համարձակ քայլերու կարիքը ունինք», ըսաւ ան:
Խօսելով կառավարութեան կազմութեան կերպին մասին` նախարար Կիտանեան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի բաղկանայ 30 նախարարութիւններէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան ձախողութեան բացասական արդիւնքներուն, ան ըսաւ, թէ ատիկա վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մանաւանդ զբօսաշրջութեան մարզին վրայ: «Եթէ իսկապէս կը սիրեն Լիբանանը, ինչպէս կ՛ըսեն, պէտք է մինչեւ տարեվերջ կազմուած ըլլայ կառավարութիւնը», ընդգծեց Կիտանեան:
«Պանդոկներուն շարժումը բաւարար է մինչեւ այսօր, իսկ մենք կը ձգտինք հասնիլ մինչեւ երկու միլիոն զբօսաշրջիկներու թիւի: Մինչեւ նոյեմբեր անոնց թիւը հասած էր մէկ միլիոն ութ հարիւր հազարի, եւ կ՛ակնկալեմ, որ հասնինք երկու միլիոնի, իսկ ասիկա դժուար է յաջողցնել տնտեսական ներկայ իրավիճակին ներքեւ: Զբօսաշրջիկներուն 38 տոկոսը Եւրոպայէն, 30 տոկոսը արաբական եւ Ծոցի երկիրներէն եւ 22 տոկոսը Ամերիկայէն, Քանատայէն, Պրազիլէն եւ այլ վայրերէն են: Եւրոպացի զբօսաշրջիկներու թիւը աճ արձանագրած է 2010-ի պատկերէն ետք, որ լաւագոյն պատկերն էր», ըսաւ ան:
«Ոչ մէկ բան կ՛արգիլէ, որ արաբ զբօսաշրջիկներ Լիբանան գան: Ճիշդ է, որ անոնց թիւը մեր ակնկալածին չափ չէ, սակայն ո՛չ զգուշութիւն եւ ո՛չ ալ արգելք կայ անոնց Լիբանան ճամբորդելուն վերաբերեալ», բացատրեց Կիտանեան եւ աւելցուց, որ Յորդանանի զբօսաշրջիկներու թիւը աճ կ՛արձանագրէ, երբ վերաբացուի Նասիպ անցքը:
Կիտանեան վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ կառավարութեան մաս կազմել` առանց յայտարարելու, թէ ո՛ր նախարարութեան պաշտօնով:



