Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ժողով մը գումարեց երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմի, Ուալիտ Սըքքարիէի, Ժիհատ Սամատի եւ Ատնան Թրապուլսիի. ժողովէն կը բացակայէր երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով:
Հանդիպման աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ յարգելով եւ հասկնալով հանդերձ հանրապետութեան նախագահին ջանքերը, երկրին կացութիւնը, երկիրը պատող վտանգները եւ յանուն հայրենիքին մեր ունեցած պարտաւորութիւնը` խորհրդակցական հանդիպումը կը շեշտէ, որ մեկնելով երեսփոխանական ընտրութեան արդիւնքներէն, պլոքին` կառավարութեան կազմին մէջ ներկայացուցչութիւն ունենալու իրաւունքը անտեսող որեւէ քայլ լոյս աշխարհ պիտի չգայ: Հետեւաբար կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ինչպէս որ է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախաձեռնութիւն ունի՞ սոյն հարցին գծով, Սամատ պատասխանեց, որ նորութեան պարագային անոնք իրազեկ կը դարձնեն հանրութիւնը:



