Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Յարգէ ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւը, Իսկ ՄԱԿ-ի Հաղորդագրութիւնը` Մտահոգեցուցիչ

December 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան պատասխանելով, երէկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի Լիբանանի յանձնառու գործադրութեան եւ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւնները մերժելուն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակէն կը պահանջէ բանաձեւին յանձնառու գործադրութեան հսկումը` գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ, մանաւանդ վերջին օրերուն ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: Կառավարութիւնը նաեւ բանակէն կը պահանջէ առաւել խիստ կերպով հետապնդել հարցը, որպէսզի կանխարգիլէ Լիբանանի հարաւային սահմանին մօտ կացութեան վատթարացումը: Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ ասոր փոխարէն, Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջէ ստիպել Իսրայէլին վերջ տալ Լիբանանի ինքնիշխանութեան դէմ գործած ոտնձգութիւններուն, որոնք կ՛անցնին տարեկան 1800 ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութեան սահմանը, այլ խօսքով` օրը 5 ոտնձգութիւն:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ մինչ բանաձեւին որդեգրումէն ի վեր Լիբանան եւ ՄԱԿ չեն արձանագրած Լիբանանի կողմէ որեւէ խախտում, Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի եւ անոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը խաթարող քայլեր կ՛առնէ, ինչպէս` Լիբանանի վերեւ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկներ կրող Իսրայէլեան պատերազմի օդանաւներու թռիչքներ (որոնք ահ ու սարսափի կը մատնեն քաղաքացիները եւ կը հարուածեն երկրին տնտեսական վիճակը), լրտեսութեան սարքերու տեղադրումը եւ այլ խախտումներ:

Աւարտին, հաղորդագրութիւնը կը վստահեցնէ, որ Լիբանան ուշադիր է ու աշխատանք կը տանի ապահովելու համար Լիբանանի հարաւային սահմանին ապահովութիւնը եւ ՖԻՆԻՒԼ-էն կ՛ակնկալէ, որ պահպանէ այս կացութիւնը` առանց վնասելու Լիբանանի ինքնիշխանութեան:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Նկարիչ Յովսէփ Գասպարեանին Հետ

Յաջորդը

Պըրրի Կ՛ընդունի Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.