Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

December 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան հանգոյցները լուծելու իր ջանքերը, որոնց ծիրին մէջ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին. վերջինս իր վստահութիւնը յայտնեց կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն եւ ճգնաժամը շրջանցելուն` դիտել տալով, որ ասիկա ոչ թէ վարչակարգի, այլ կառավարման ճգնաժամ էր:

Հանդիպումէն ետք իր տուած ասուլիսին ընթացքին նախկին վարչապետը ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ նախագահին ներկայացուցած է Ս. Ծննդեան իր բարեմաղթութիւնները` մաղթելով, որ 2019 թուականը ամենայն բարիք կը բերէ իրեն հետ: Միքաթի նշեց, որ նախագահին հետ խօսած է երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, գլխաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Ան իր վստահութիւնը յայտնեց ապահովական ուժերուն կարողութեան նկատմամբ` առանց պատերազմի յանգելու հարցը լուծելու առնչութեամբ: Խօսելով կառավարութեան կազմութեան մասին` Միքաթի  ընդգծեց, որ պէտք է կառավարութեան ճգնաժամը շրջանցել, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ տնտեսական եւ վարչական տագնապներու լուծումներու:

Աուն տեսակցեցաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի  անդամ  երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամին հետ: Անոնք քննարկեցին երկրին քաղաքական ու բարգաւաճման իրավիճակը, յատկապէս Քեսրուանի շրջանին մէջ: Երեսփոխանը ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի զարգացման հոլովոյթին, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Ատմայի եւ Մէյրուպայի զտարաններուն եւ Եասուհ Մալաք-Ժեհիթա եւ Ժեհիթա-Ույուն Սիման ճամբաներու բարելաւման ծրագիրներուն:

Դիւանագիտական ծիրին մէջ, Ինտոնեզիոյ դեսպան Ահմետ Խազեն Համիտի հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նախագահին: Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Կառավարութեան Հարցին Լուծման Գծով Ոչ Մէկ Անտեսում, Այլ Զիջումներ Բոլոր Կողմերէն»

Յաջորդը

Իպրահիմ Կը Վստահեցնէ, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Երեք Քառորդ Ճամբան Կտրուած Է, Իսկ Քանի Մը Օրէն Կազմութիւնը Կ՛ամբողջանայ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.