Լիբանանեան

Զասիփքին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձին Առումով Ռուսական  Նախաձեռնութիւնը Առկայ Է»

Զասիփքին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Ռուսական Նախաձեռնութիւնը Առկայ Է»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով ռուսական նախաձեռնութիւնը առկայ է: Ան ընդգծեց, որ այս իմաստով սուրիական եւ լիբանանեան կողմերուն հետ Մոսկուա իր գործակցութիւնը կը շարունակէ: Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ սուրիական իշխանութիւններուն իրաւունքները` իբրեւ պատերազմէն նոր դուրս եկող երկիր: Զասիփքին ընդգծեց, որ Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան պատրաստ են Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն,...

Ֆըրզլի. «Միացեալ Նահանգներ  Կը Խոչընդոտեն Լիբանանի  Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Ֆըրզլի. «Միացեալ Նահանգներ Կը Խոչընդոտեն Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան չորս օրինագիծեր: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆըրզլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ Լիբանան այցելած է քննարկելու համար այն հարցերը, որոնց շուրջ վերապահութիւն կայ, ինչպէս` Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի սահմանամերձ շրջանն ու սահմանագծումի հարցը: Ֆըրզլի աւելցուց, որ Հէյլ ներկայացուցած է...

«Ընտրական Համամասնական Ամբողջական  Օրէնքը Անհրաժեշտ Ուղին Է  Պետութեան Կերտումին»  Ընդգծեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Լիբանանեան Պետութեան Առաջնահերթութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած անցեալ շաբթուան գայթակղութիւնները բաւարար էին իմանալու, թէ լիբանանեան տագնապը ի՛նչ աստիճանի հասած է, եւ զգալու, որ այդ տագնապը կրնայ ամէն իմաստով բարդանալ: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան առաջնահերթութիւնը: Պլոքը շեշտեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժումանա Ղնէյմաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը` մամլոյ միացեալ աշխատանք իրականացնելու նպատակով: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող իրականութիւնը ապառողջ է եւ աղէտալի ըլլալու համազօր: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանի...

Մարոնի Երեսփոխաններու Եւ Ղեկավարներու  Խորհրդակցական Հանդիպում

Մարոնի Երեսփոխաններու Եւ Ղեկավարներու Խորհրդակցական Հանդիպում

Կառչած Կը Մնանք Ազգային Միասնականութեան Եւ Համերաշխութեան, Եւ Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Լիբանանի Համար Ստեղծել Անոր Իրականութեան Հակադրուող Նոր Ինքնութիւն Մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ միջմարոնիական խորհրդակցական նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան մարոնի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ղեկավարները, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր...

Նախագահ Աուն Աւստրալիոյ Շնորհակալութիւն  Յայտնեց` Լիբանանեան Բանակին Նկատմամբ  Անոր Կատարած Մնայուն Օժանդակութեան Համար

Նախագահ Աուն Աւստրալիոյ Շնորհակալութիւն Յայտնեց` Լիբանանեան Բանակին Նկատմամբ Անոր Կատարած Մնայուն Օժանդակութեան Համար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթաֆըր Փայնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-աւստրալիական զինուորական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ եւ նախագահական պալատի հարցերով պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, ինչպէս նաեւ նախարար Փայնի ընկերակցող աւստրալիական պատուիրակութիւնը: Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական...

«Կառավարութեան Խիստ Կարիք Կայ»   Շեշտեց Պըրրի

«Կառավարութեան Խիստ Կարիք Կայ» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին դրուատեց Պքերքէի մէջ միջմարոնիական խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտասանած խօսքը` մաղթելով, որ հանդիպումի աւարտին այդ խօսքին վրայ հիմնուելով կարելի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ: Պըրրի վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: «Կառավարութեան խիստ կարիքը կայ եւ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին այդ կառավարութիւնը կազմել, քաղաքական տարակարծութիւնները խորացնելու փոխարէն»,...

Հարիրի. «Արաբական Աշխարհը Գանձ Է,  Եւ Պէտք Է Փաստենք Անոր Առեւտրական  Ու Տնտեսական Գերակայութիւնը»

Հարիրի. «Արաբական Աշխարհը Գանձ Է, Եւ Պէտք Է Փաստենք Անոր Առեւտրական Ու Տնտեսական Գերակայութիւնը»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ բացումը կատարեց Արաբական սեփական մարզի խորհրդաժողովին` իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք 20 յունուարին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական ու բարգաւաճման վեհաժողովին, որուն կը մասնակցին արաբական եւ օտար 24 երկիրներ եւ աւելի քան 400 մասնակիցներ: Բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Արաբական լիկայի տնտեսական հարցերու օգնական Քամալ...

Հարիրի Ֆիրուզնիայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հարիրի Ֆիրուզնիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի Ֆիրուզնիային յանձնեց նամակ մը` ուղղուած Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, պահանջելով լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքան ազատ արձակել: Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի նոր...

«Պաապտայի Նիստը Վերացուցած Է Պետութեան  Ելեւմտական Իրավիճակին Մասին Ստեղծուած Շփոթը»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պաապտայի Նիստը Վերացուցած Է Պետութեան Ելեւմտական Իրավիճակին Մասին Ստեղծուած Շփոթը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ անոր ապաքինում մաղթեց: Հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց այսօր Պքերքէի մէջ կատարուելիք միջմարոնիական խորհրդակցութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Պէյրութի առեւտրականներու վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Նիքոլա Շամմասի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց,...

Պասիլ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանի  Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Պասիլ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատուեցաւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս կառավարութեան կազմութեան առումով, առանց զայն առնչելու շրջանի հարցերուն հետ: Պասիլ եւ Լաւրով քննարկեցին սուրիական տագնապը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, սահմանադրութեան մշակման խորհուրդ մը...

Կիտանեան. «Լիբանանցիներուն Կը Սպասէ  Խոստմնալից Զբօսաշրջական Եղանակ Մը»

«Կը Նախատեսեմ, Որ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Ապահոված 2018-ի Նիւթական Մուտքը Հասնի Աւելի Քան 7 Միլիառ Տոլարի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածած ցուրտի ալիքները պատճառ դարձան, որ Լիբանանի մէջ այս տարի չմշկումի եղանակը կանուխ սկսի: «Այս տարուան չմշկումի եղանակը հոյակապ է` բաղդատած վերջին երկու տարիներուն, որոնց ընթացքին գրեթէ չմշկում չկատարուեցաւ», ըսաւ ան` յայտնելով, որ այս եղանակը ունի իր սիրահարները, որոնք եղանակային զբօսաշրջիկներ են: Ա. Կիտանեան նշեց, որ 2018-ին Լիբանան այցելող Ծոցի...

Այն Թինէի Մէջ.   «Նախորդ Օրերուն Սադրիչներուն  Բոլոր Փորձերը Ձախողեցան»  Շեշտեց Ֆըրզլի

Այն Թինէի Մէջ. «Նախորդ Օրերուն Սադրիչներուն Բոլոր Փորձերը Ձախողեցան» Շեշտեց Ֆըրզլի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախորդ փուլին ընթացքին ապատեղեկատուութեան ալիք մը շրջանառութեան մէջ դրուած է` լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող տարբեր շերտերուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակով, «սակայն սադրիչներուն բոլոր փորձերը ձախող դուրս եկան», ըսաւ ան: Ֆըրզլի շեշտեց, որ 6 փետրուարի մասին կատարուած բոլոր մեկնաբանութիւնները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը պիտի գումարուի, բացի եթէ հրատապ հարց մը արձանագրուի: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն պիտի մնայ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պիրկելին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արագացնելու...

Հէյլ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Հաստատեց Ուաշինկթընի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ

Հէյլ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Հաստատեց Ուաշինկթընի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Ալի Հասան Խալիլի հետ: Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Տէյվիտ Հէյլը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ըսաւ....

Լիպիա Կը Պահանջէ Լիբանանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Խզել

Լիպիոյ պետական գերագոյն խորհուրդը երէկ դատապարտեց Ամալ շարժումին կողմէ իր երկրին դրօշակը անարգելու արարքը եւ զարմանք յայտնեց Լիպիոյ ներկայ իշխանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած այդ վերաբերմունքին նկատմամբ: Լիպիոյ պետական գերագոյն խորհուրդը արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց Լիբանանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել, մինչեւ որ լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն եւ դիւանագիտական համապատասխան քայլեր որդեգրելու յանձնառու մնան: Միւս կողմէ, Լիպիոյ խորհրդարանը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը...

Նախարար Կիտանեան Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Հայկական Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Նախարար Կիտանեան Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Հայկական Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային առումով: Ապա դեսպան Աթաբէկեան նախարար Կիտանեանին ներկայացուց Լիբանանի մէջ իր որդեգրելիք գործելաոճը` զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու իմաստով: Ընդարձակ քննարկում կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն մասին` լիբանանեան-հայկական հեզասահ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:...

Պոկտանով Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը

Պոկտանով Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ,  արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռուսիա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ անոր հողային միասնականութեան:...

«Կոչ Կ՛ուղղենք Ապրելու Ազգային Խղճի Պահը` Նախքան Տարակարծութիւնները Խորացնելու Յանցանքին Պատճառով Հետագային Զգացուելիք Զղջումը»  Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

«Կոչ Կ՛ուղղենք Ապրելու Ազգային Խղճի Պահը` Նախքան Տարակարծութիւնները Խորացնելու Յանցանքին Պատճառով Հետագային Զգացուելիք Զղջումը» Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց երկրին բոլոր պատասխանատուներուն ապրելու ազգային խղճի պահը` նախքան տարակարծութիւնները խորացնելու յանցանքին պատճառով հետագային զգացուելիք զղջումը: «Պէտք չէ առիթ տալ քաղաքական տարակարծութիւնները խորացնելու եւ զանոնք վերածելու այնպիսի տագնապներու, որոնք կը սպառնան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան», նշեց Ա. Մաթոսեան: Ան մաղթեց, որ բոլոր պատասխանատուները առաջնահերթութիւն ընծայեն...

Ռիաշի Լիբանանի Քաղաքական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քուէյթի Իշխանին Հետ

Ռիաշի Լիբանանի Քաղաքական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քուէյթի Իշխանին Հետ

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուէր Քուէյթ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի Սապահ Ժապեր Ահմետ Սապահ իշխանին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քուէյթի տեղեկատուութեան նախարար Մոհամետ Ժապրի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման, Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերեալ նախարարի խորհրդատու Անթուան Իտ եւ նախարարի ընդհանուր քարտուղար Օուատ Թապեթ:...

Page 588 of 988 1 … 587 588 589 … 988

Արխիւներ