Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Նախատեսեմ, Որ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Ապահոված 2018-ի Նիւթական Մուտքը Հասնի Աւելի Քան 7 Միլիառ Տոլարի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

January 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածած ցուրտի ալիքները պատճառ դարձան, որ Լիբանանի մէջ այս տարի չմշկումի եղանակը կանուխ սկսի: «Այս տարուան չմշկումի եղանակը հոյակապ է` բաղդատած վերջին երկու տարիներուն, որոնց ընթացքին գրեթէ չմշկում չկատարուեցաւ», ըսաւ ան` յայտնելով, որ այս եղանակը ունի իր սիրահարները, որոնք եղանակային զբօսաշրջիկներ են:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ 2018-ին Լիբանան այցելող Ծոցի երկիրներու, յատկապէս սէուտցի եւ քուէյթցի զբօսաշրջիկներու թիւը սկսաւ բարձրանալ: «Սէուտցի զբօսաշրջիկներուն թիւը միայն դեկտեմբեր 2018-ին բարձրացաւ 247 առ հարիւրով, այսինքն` 7500 սէուտցիներ եկան Լիբանան, մինչդեռ 2017-ի դեկտեմբերին Լիբանան հասած սէուտցիներուն թիւը հասած էր 2200-ի», շեշտեց նախարար Կիտանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձմրան եղանակի յատուկ զբօսաշրջութեան թափը ինչպէ՞ս կը գնահատէ, նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ իր կարծիքով` այդ եղանակը պիտի ըլլայ բեղուն, որովհետեւ Լիբանան եկող արաբ զբօսաշրջիկներուն կողքին պիտի գան նաեւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներ, որոնք չմշկելու նախասիրութիւնը ունին: «Այս իմաստով լիբանանեան կարգ մը քաղաքներու, ինչպէս` Քֆարտըպիանի եւ Ֆրանսայի ու Պելճիքայի միջեւ գործակցութիւն եւ աշխատանքի համադրում կայ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ նախարարութեան մակարդակին վրայ աշխարհի մէջ հիմնական ճամբորդական գրասենեակներուն պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին, թէ չմշկումի եղանակը բաց է, եւ կը խնդրուի անոնցմէ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն ծանուցել, թէ Լիբանանի մէջ չմշկելու մարզաձեւը կարելի է կիրարկել:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին առումով 2018-ին Լիբանան հսկայական աճ մը արձանագրած է: «2010 թուականին, որ կը նկատուի Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան լաւագոյն տարին, զբօսաշրջութեան մարզին ապահոված տարեկան մուտքը հասած է 8 միլիառ տոլարի, սակայն յաջորդող տարիներուն այդ մուտքը կիսով նուազած է: Կը նախատեսեմ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապահոված 2018-ի նիւթական մուտքը հասնի աւելի քան 7 միլիառ տոլարի», հաստատեց Ա. Կիտանեան:

Անդրադառնալով կրօնական զբօսաշրջութեան` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ այդ զբօսաշրջութիւնը սկսած է վերստին ինքզինք փաստել պապին կողմէ դէպի Լիբանան ուխտագնացութիւնը արգիլող 12 տարուան որոշումը բեկանելէ ետք: Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ տակաւին քանի մը օր առաջ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակէն իմացած է, թէ յառաջիկայ փետրուարին Լիբանան պիտի այցելէ զբօսաշրջութեան վայրերու մասնագէտներու ընդարձակ պատուիրակութիւն մը: Ան նշեց, որ այս մասին տեղեկատուութեան մարզին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ հետագային:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կան աւելի քան երեք հազար սրբավայրեր` քրիստոնէական եւ իսլամական. ան նշեց, որ այս մասին պատրաստուած է երկու վայրկեան տեւողութեամբ վիտէօ մը, որ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն` ներգրաւելու համար կրօնական զբօսաշրջութեամբ հետաքրքրուողները: «Ճիշդ է, որ Լիբանան փոքր երկիր է, սակայն անոր բազմակողմանի յատկութիւնները զայն կը դարձնեն տարբեր տեսակի զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը շարժող երկիր մը», շեշտեց ան:

Սուրիոյ պատերազմին բռնկումէն ի վեր Ծոցի երկիրներէն Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն բացը տակաւին չփակելու իմաստով Ա. Կիտանեան ցաւ յայտնեց` ըսելով, որ անոնց համեմատութիւնը 40 առ հարիւրով նուազած է` բաղդատած 2010-ին: «Բայց եւ այնպէս զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յաջողած է եւրոպացի, քանատացի եւ պրազիլցի զբօսաշրջիկներու յաւելեալ թիւ մը ապահովել եւ այդպիսով զբօսաշրջիկներու նուազումին համեմատութիւնը վերածել 10 առ հարիւրի` բաղդատած նոյն տարուան հետ: «Սակայն այդ մէկը չկրցաւ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն բացը լեցնել` Լիբանանի մէջ զբօսաշրջիկներուն ծախսած գումարներուն հսկայ տարբերութեան պատճառով», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Նախորդ Օրերուն Սադրիչներուն Բոլոր Փորձերը Ձախողեցան» Շեշտեց Ֆըրզլի

Յաջորդը

Պասիլ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.