Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ֆիրուզնիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

January 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի Ֆիրուզնիային յանձնեց նամակ մը` ուղղուած Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, պահանջելով լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքան ազատ արձակել:

Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի նոր կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու իմաստով վարչապետ Հարիրիի ջանքերուն` մաղթելով, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանան նոր կառավարութիւն մը ունենայ:

Ֆիրուզնիա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ միշտ կը ջանան իրենք զիրենք ներկայացնել իբրեւ այս շրջանի եւ ժողովուրդներու շահերուն յանձնառու երկիր, սակայն անոնց ոչ ոք կը հաւատայ: «Միացեալ Նահանգներ կը ներկայանան իբրեւ շրջանին ապահովական կայունութեան ու բարգաւաճման նախանձախնդիր պետութիւն, սակայն անոնց տեսակէտները կը հակադրուին անոնց գործերուն, յատկապէս ամերիկեան այս վարչակազմին աշխատելաձեւին: Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը շրջանային եւ միջազգային առումով ոչ մէկ պատրաստակամութիւն ունի իր յանձնառութիւնները գործադրելու, այլ` կը փափաքի իրագործել առեւտրական, տնտեսական եւ ելեւմտական նպատակներ», ըսաւ ան` ցաւ յայտնելով, որ շրջանի երկիրները կը տուժեն եւ շրջանին մէջ որդեգրուած ամերիկեան սխալ եւ անտրամաբանական քաղաքականութիւններուն գինը սուղ կը վճարեն:

Նշենք, թէ Ֆիրուզնիա, որ անցեալ օգոստոսէն ի վեր կը գտնուէր Պէյրութի մէջ, երէկ առաջին անգամ ըլլալով այցելեց վարչապետին:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրի ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որմէ ստացաւ 9 փետրուար 2019-ին Մար Մարունի առիթով Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:

Նախորդը

«Պաապտայի Նիստը Վերացուցած Է Պետութեան Ելեւմտական Իրավիճակին Մասին Ստեղծուած Շփոթը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Թրամփը Ստորագրած Է Ցեղասպանութիւններու Եւ Վայրագութիւններու Կանխարգիլման Մասին Էլի Վիզելի Հռչակագիրը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.