ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը պիտի գումարուի, բացի եթէ հրատապ հարց մը արձանագրուի:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն պիտի մնայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պիրկելին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առնչուած կարգ մը «խոհարարներ» շատ անյագ են, եւ անոնց ախորժակին պատճառով է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ դեսպաններ Քրիս Ռամպլինկը եւ Մասիմօ Մարոթթին, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ այդ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա տակաւին կանաչ լոյս չէ ստացած: Ան կոչ ուղղեց, որ ընթացաւարտ կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ նիստ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի շեշտեց, որ ինք համաձայն է կազմելու սեղմ կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն առումով ոչինչ գոյութիւն ունի եւ ոչ ոք կը միտի փողոց վերադառնալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի չուղղուի հոն, ուր Իսրայէլ կ՛ուզէ զայն առաջնորդել, այլ խօսքով` Իսրայէլի հետ ճակատումի: «Նախագահ Աուն յաղթական դուրս պիտի գայ», ըսաւ Մաալուֆ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ գումարուելիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովը անիմաստ է, երբ Սուրիա այդ վեհաժողովին չի մասնակցիր: Քանսօ կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` հիմնուելով ընտրական նոր օրինագիծի մը վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլի Լիբանան այցելութեան նպատակն է որոնել համաձայնութիւն մը, որ թշնամի Իսրայէլը խայտառակութենէ կը փրկէ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս փուլին նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ կամ Նեժիպ Միքաթի շատ աւելի լաւ կրնան վարուիլ, քան` վարչապետ Սաատ Հարիրի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա 11 եւ 16 փետրուարին պատկերասփռուած ճառերով հանդէս պիտի գայ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 40-ամեակին եւ Հըզպալլայի նահատակ հիմնադիրներու յիշատակին նուիրուած զոյգ առիթներով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրելու հաւանականութեան չէ ակնարկած:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը հաստատած է, որ Հըզպալլա կը պատրաստուի Իսրայէլի դէմ պատերազմի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ գարնան: Նոյն պատասխանատուն նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլի Լիբանան այցելութիւնը Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ: