Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց երկրին բոլոր պատասխանատուներուն ապրելու ազգային խղճի պահը` նախքան տարակարծութիւնները խորացնելու յանցանքին պատճառով հետագային զգացուելիք զղջումը:
«Պէտք չէ առիթ տալ քաղաքական տարակարծութիւնները խորացնելու եւ զանոնք վերածելու այնպիսի տագնապներու, որոնք կը սպառնան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան», նշեց Ա. Մաթոսեան:
Ան մաղթեց, որ բոլոր պատասխանատուները առաջնահերթութիւն ընծայեն տնտեսական եւ ընկերային այն հարցերուն, որոնք քաղաքացիին առօրեան կը դժուարացնեն: «Մարդիկ սպառած են այլեւս, իսկ վերջին օրերուն քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած սուր բանավէճը պատճառ դարձաւ, որ արդէն իսկ սպառած քաղաքացին աւելի եւս մտահոգուի եւ իրարանցում մը ապրի` տնտեսական արդէն իսկ վատթար պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային փոփոխութիւններուն լոյսին տակ: Ժամանակը հասած է արդէն երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու կարեւորութեան անդրադառնալու եւ աշխատանքի ձեռնարկելու: Ինչո՞ւ չենք սկսիր գործադրել տասնեակ ծրագիրներ, որոնք իրենց ներդրումը կ՛ունենան երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնելու եւ բարգաւաճման աճը երաշխաւորելու` տարակարծութիւնները խորացնելու եւ զանոնք հակակշիռէ դուրս բերելու «ջանքերուն» փոխարէն», հարց տուաւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Ան ընդգծեց, որ իր ըմբռնումով քաղաքականութիւնը ժողովուրդին շահերը ապահովելու իմաստով ազնուական գործ է, «եւ չեմ հաւատար, որ այսօրուան տագնապները որեւէ ձեւով կրնան ժողովուրդին բարիք բերել կամ անոր շահերը ապահովել: Ժամանակը հասած է փոփոխութեան ենթարկելու մօտեցումներն ու առաջնահերթութիւնները», հաստատեց երեսփոխան Մաթոսեան:



