ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժումանա Ղնէյմաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը` մամլոյ միացեալ աշխատանք իրականացնելու նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող իրականութիւնը ապառողջ է եւ աղէտալի ըլլալու համազօր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ հանդիպումներ ունեցաւ Ղազի Քանաանի որբերուն հետ, որոնք աւելի ուշ դարձան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի որբերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր տիրող քաղաքական տագնապներուն պատճառով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Պքերքէի հանդիպումը շեշտեց ներքին լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային սկզբունքներուն կառչածութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը ներքին է եւ քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջուի համեստ ըլլալ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ լուծումներու յանգիլ` առանց միասնական եւ կարող պետութեան մը գոյութեան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար շեշտեց, որ Պքերքէի խորհրդակցական հանդիպումը հոյակապ քայլ է, իսկ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը առաջնահերթութիւն մըն է, որ պէտք է յաջողցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի հաստատեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովին յաջողութիւնը կը նշանակէ Լիբանանի յաջողութիւնը` ընդդէմ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու:


