Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախորդ փուլին ընթացքին ապատեղեկատուութեան ալիք մը շրջանառութեան մէջ դրուած է` լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող տարբեր շերտերուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակով, «սակայն սադրիչներուն բոլոր փորձերը ձախող դուրս եկան», ըսաւ ան:
Ֆըրզլի շեշտեց, որ 6 փետրուարի մասին կատարուած բոլոր մեկնաբանութիւնները անճիշդ էին եւ սադրանքի համազօր` հաստատելով, որ պէտք է զգուշանալ նման քայլերէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ լարուածութեան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: