Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան չորս օրինագիծեր:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆըրզլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ Լիբանան այցելած է քննարկելու համար այն հարցերը, որոնց շուրջ վերապահութիւն կայ, ինչպէս` Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի սահմանամերձ շրջանն ու սահմանագծումի հարցը:
Ֆըրզլի աւելցուց, որ Հէյլ ներկայացուցած է այնպիսի առաջարկներ, որոնք կը ծառայեն իսրայէլեան պետութեան կամքին եւ որոշումներուն:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը խոչընդոտեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:



