Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Երեսփոխաններու Եւ Ղեկավարներու Խորհրդակցական Հանդիպում

Յունուար 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառչած Կը Մնանք Ազգային Միասնականութեան Եւ Համերաշխութեան, Եւ Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Լիբանանի Համար Ստեղծել Անոր Իրականութեան Հակադրուող Նոր Ինքնութիւն Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ միջմարոնիական խորհրդակցական նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան մարոնի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ղեկավարները, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը բաղկացնող տարբեր համախմբումներու եւ պլոքներու անդամ մարոնի երեսփոխանները, որոնցմէ բացակայեցան երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահը եւ Ժան Օպէյտը:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռայի պատրիարքը բացումը յայտարարեց նիստին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ իբրեւ մարոնի համայնք իրենց խորհրդակցական հանդիպումը Լիբանանի շահերը կը հետապնդէ եւ ոչ ոքի դէմ անիրաւում պէտք է նկատուի:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իբրեւ մարոնի համայնք, իրենց խորհրդակցական հանդիպումը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար է` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ ապրուստի վերաբերող հարցերն ու երկրին մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան վտանգը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ քաղաքական տագնապին հիմնական պատճառը այս վտանգաւոր կացութիւնն է, որուն պատճառը իր կարգին` սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան մէջ արձանագրուած թերացումն է:

«Այսօրուան հանդիպումը կը միտի երկիրը քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ այլ հարցերու վտանգներէն փրկելու շուրջ համախոհութեան յանգիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը սպառնալիքի տակ է:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց, որ այսպիսի հանդիպում միշտ կատարուի` սիրելի հայրենիքը վտանգներէ զերծ պահելու նպատակով:

Ռայի պատրիարքին արտասանած խօսքէն ետք խորհրդակցական հանդիպումը սկիզբ առաւ:

Քննարկումներուն մասին փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպումին ընթացքին բանավէճ արձանագրուած է Սլէյման Ֆրենժիէի եւ երեսփոխան Զիատ Ասուատի միջեւ` իբրեւ հետեւանք կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ Ֆրենժիէի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ մէկ նախարար զիջելու պարագային կառավարութիւնը կը կազմուի:

Միջմարոնիական խորհրդակցական հանդիպումէն ետք Պքերքէի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ կարդաց խորհրդակցական հանդիպումէն բխած վերջնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ազգային զգայուն պահու մը Ռայի պատրիարքը մարոնի հեղինակութիւնները հրաւիրեց նիստի մը` այն համոզումով, որ Լիբանան իրենց չի պատկանիր, այլ իրենք` Լիբանանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները եւ այն քայլերը, որոնց պէտք է դիմել` զգուշացնելու համար լիբանանցիները` անոնց դէմ ծառացող վտանգներուն մասին: «Խորհրդակցական այս հանդիպումը ունի ազգային խորք, որովհետեւ Պքերքէ միշտ ջանք թափած է ի խնդիր Լիբանանի շահերուն ապահովումին, իսկ Լիբանանի փրկութեան առաջին ազդակը անոր նկատմամբ հաւատքն է», ըսաւ Ղայեատ:

Ան նշեց, որ Պքերքէի խորհրդակցական հանդիպումին ներկաները որդեգրեցին Ռայի պատրիարքին կողմէ արտասանուած բացման խօսքին բովանդակութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանը` իբրեւ ընկերութիւն եւ պետութիւն, հիմնուած է մարդկային, քաղաքակրթական հանդիպումին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ եւ իսլամ խոր յարաբերութիւններուն միաձուլման շնորհիւ:

«Լիբանանի այս պատմական ինքնութիւնը, որ կը դրսեւորէ անոր հոգեւոր խոր էութիւնը, կերտած է երկրին սահմանադրութիւնը, եւ ոչ ոքի գործն է ստեղծել Լիբանան մը, որ ճշմարտութեան հետ հակադրուող ինքնութիւն մը կրնայ ունենալ», շեշտեց ան:

Ղայեատ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ներկաները ընդգծած են ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ազգային ուխտին եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան նկատմամբ իրենց կառչածութիւնը: Անոնք հաւատարմութիւն յայտնած են Լիբանանի բազմազանութեան նկատմամբ եւ ընդգծած այդ բազմազանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` արդար, իրաւացի եւ հաւասարակշռուած ազգային գործակցութեան զուգահեռ:

Ղայեատ աւելցուց, որ Պքերքէի մէջ ներկաները շեշտեցին Լիբանանի սահմանադրութեան եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան իրենց կառչածութիւնը` մերժելով այն բոլոր տուեալները, որոնք կը խախտեն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն եւ անոնց իրաւասութիւններուն հաւասարակշռութիւնը, ներառեալ` հանրապետութեան նախագահութիւնը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը: «Անոնք հաստատեցին, որ պետական այրերու եւ պատասխանատուներու իրաւասութիւններուն նկատմամբ յարգանքն ու երեք իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը կը պաշտպանեն սահմանադրութիւնը, կը ծառայեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդեն լիբանանեան պետութեան դիմադրողականութիւնն ու հեղինակութիւնը», ըսաւ ան:

Ղայեատ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Լիբանանի` ազգային անկախ որոշումին, Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ արտաքին յարաբերութիւններու ծրագրաւորումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի` արաբական եւ միջազգային  պատկանելիութեան յանձնառութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, «որպէսզի Լիբանանի ինքնութիւնը չաղաւաղուի եւ արաբական ու միջազգային իր շրջանակէն չմեկուսացուի», հաստատեց ան:

Ղայեատ յայտնեց, որ ներկաները կոչ ուղղեցին Լիբանանի սահմանադրութիւնը տառացիօրէն գործադրելու եւ մերժելու այն փորձերը, որոնք ընդունուած անգիր օրէնքի կը վերածեն հակասահմանադրական ընթացքն ու արձանագրուած խախտումները: Ան շեշտեց, որ մարոնի պետական այրերը անհրաժեշտ նկատեցին, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապներն ու անոնց լուծումներ գտնելու կարելիութիւնները քննարկուին սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ` մերժելով ամէն  միջոց, որ կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան եւ անոր որոշումին դէմ յեղաշրջում գործել:

«Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոր աշխուժ գործունէութիւնը` Լիբանանի, անոր ազատութեան, բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան, այլ խօսքով` պատգամի երկիր ըլլալու անոր ճշմարտութիւնը պահպանելուն մէջ», շեշտեց Ղայեատ:

Ան նշեց, որ միջմարոնիական խորհրդակցական հանդիպումը պահանջեց արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` ըստ երկրին սահմանադրութեան, կոչ ուղղելով կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ Լիբանանի նկատմամբ օժանդակութիւնը շարունակելու առումով միջազգային ընտանիքին մղիչ ուժը ըլլայ: «Հանդիպումը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միասնաբար գործակցելու` կազմելու համար կառավարութիւնը, որպէսզի Լիբանան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու ենթակայ չմնայ: Անոնք դատապարտեցին Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ ընդգծեցին իսրայէլեան կողմին գործած այդ արարքներուն դէմ միասնականութեամբ պայքարելու կարեւորութիւնը` պետական երդիքին տակ, միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը պահանջելով, ինչպէս նաեւ մերժելով Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումն ու հաստատելով անոնց տունդարձի իրաւունքը», յայտնեց ան:

Ղայեատ շեշտեց, որ ներկաները վերահաստատեցին լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` նկատել տալով, որ անոնք իրենց պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն` Լիբանանը եւ անոր ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու առումով: «Հանդիպումը ընդգծեց Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին կարեւորութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու կեցութիւնը վերածուած է գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրի մը, որ Լիբանանի ինքնութիւնն ու գոյացութիւնը մեծ վտանգի կ՛ենթարկէ: Հետեւաբար, այդ  թղթածրարին լուծումը հրատապ է», ըսաւ Ղայեատ:

Ան հաստատեց, որ միջմարոնիական խորհրդակցական հանդիպումին մասնակիցները շեշտած են երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան նկատմամբ պատասխանատու վարուելակերպ ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` դիմագրաւելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն ընկերային ապահովութիւնը վտանգող սպառնալիքները, միասնական ջանքերով հակակշռելու պետական գանձարկղին սպառնացող հարցերը, ինչպէս նաեւ մսխումը կասեցնելու միտող սեղմումներ կատարելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու: «Այս բոլորին շնորհիւ է, որ կարելի պիտի ըլլայ երկրին նիւթական ընդհանուր պարտքը նուազեցնել, անգործութեան եւ աղքատութեան վերջ տալ, որովհետեւ մեծ թիւով ընկերութիւններ ու գործարաններ կը փակուին եւ լիբանանցի երիտասարդները ակամայ կ՛արտագաղթեն: Մարոնի երեսփոխանները կոչ ուղղեցին քրիստոնեայ երիտասարդները քաջալերելու` պետական հաստատութիւններուն մաս կազմելու եւ քաղաքացիական, զինուորական թէ ապահովական պետական վարչութիւններուն մէջ պաշտօններ ստանձնելու», ըսաւ Ղայեատ:

Ան նշեց, որ ներկաները նախանձախնդրութիւն յայտնած են մարոնի խղճին եւ անոր պատմական ու ազգային սկզբունքներուն, յատկապէս ներողամտութեան, խաղաղութեան, հաշտութեան եւ գործակցութեան սկզբունքներուն նկատմամբ` հակառակ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական բազմազան ընտրանքներուն: «Անոնք խոստացան դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող վերոնշեալ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կազմակերպել, համադրել եւ համակարգել այդ մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարը` կազմելով աշխատանքային յանձնախումբ մը, որ հետեւողական կերպով պիտի հետապնդէ կացութիւնը եւ շարունակէ քննարկումները` ի հարկին նաեւ հրաւիրելով ընդարձակ հանդիպումներու, եթէ անոնց կարիքը զգացուի: Անոնք ընդգծեցին նաեւ իրենց կառչածութիւնը մարոնի պատրիարքութեան կողմէ հրապարակուած քաղաքական գործունէութեան ուխտին` եկեղեցական ցուցմունքներուն եւ Լիբանանի իւրայատկութեան լոյսին տակ», յայտնեց Ղայեատ:

Ան նշեց, որ այդ յանձնախումբին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Ժորժ Ատուան, Սամի Ժեմայէլ, Ըսթֆեն Տուէյհի, Միշել Մուաուատ, Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ Հատի Հպէյշ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Աւստրալիոյ Շնորհակալութիւն Յայտնեց` Լիբանանեան Բանակին Նկատմամբ Անոր Կատարած Մնայուն Օժանդակութեան Համար

Յաջորդը

Չինական Ակումբը Գնեց Պարսելոնայի Ֆութպոլիստին Փոխանցման Իրաւունքը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?