Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Արաբական Աշխարհը Գանձ Է, Եւ Պէտք Է Փաստենք Անոր Առեւտրական Ու Տնտեսական Գերակայութիւնը»

January 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ բացումը կատարեց Արաբական սեփական մարզի խորհրդաժողովին` իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք 20 յունուարին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական ու բարգաւաճման վեհաժողովին, որուն կը մասնակցին արաբական եւ օտար 24 երկիրներ եւ աւելի քան 400 մասնակիցներ:

Բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Արաբական լիկայի տնտեսական հարցերու օգնական Քամալ Հասան Ալի եւ տնտեսական մարզի այլ պատասխանատուներ:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, մեծ թիւով լիբանանցի եւ արաբ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ դեսպաններ ու դիւանագէտներ եւ տնտեսական կազմակերպութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի ցաւ յայտնեց, որ լիպիական պատուիրակութիւնը պիտի բացակայի վեհաժողովէն` հաստատելով, որ երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները պէտք է գերազանցեն բոլոր չարիքները:

Հարիրի շեշտեց, որ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ տնտեսական վեհաժողովին հիմնական առանցքները եւ անկէ գոյացած բանաձեւերը պիտի փոխանցուին վեհաժողովին` մաղթելով, որ անիկա յաջողի եւ արաբական երկիրներու ժողովուրդներու ձգտումներուն համապատասխանէ` արաբական երկիրներուն միջեւ սահմանները ջնջելով եւ առիթ տալով առեւտուրի, ուսման եւ ճարտարարուեստի բաց դրութեան:

Հարիրի շեշտեց, որ արաբական աշխարհը գանձ է, եւ պէտք է փաստել անոր առեւտրական ու տնտեսական գերակայութիւնը:

Հարիրի ընդգծեց, որ արաբական երկիրներուն տնտեսութիւնը չ՛ամբողջանար` առանց պետական մարզերուն մէջ արաբ կնոջ մասնակցութեան, որովհետեւ միայն կինը կրնայ մեղմացնել եւ բարեկարգել քաղաքական տագնապները:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց ելեւմտական մարզին վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Նախագահը Ընդունած Է Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը

Յաջորդը

«Կառավարութեան Խիստ Կարիք Կայ» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.