Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հէյլ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Հաստատեց Ուաշինկթընի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ

Յունուար 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Ալի Հասան Խալիլի հետ:

Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Տէյվիտ Հէյլը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ըսաւ. «Այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հոլովոյթին, Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը հանդարտի եւ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ խաղաղութիւնը կ՛ամրապնդուի»:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագծումը ուշացած է` մաղթելով, որ անիկա մօտիկ ապագային կը վերսկսի:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կ՛օժանդակեն լիբանանեան բանակին, որ իր կարգին կը հսկէ երկրին ապահովական կայունութեան: Ան աւելցուց, որ այն պատճառները, որոնք Լիբանանը մղած են տնտեսական եւ ելեւմտական հարցեր դիմագրաւելու, համաշխարհային հարցերն են, Լիբանանի դրացի երկիրներուն մէջ բռնկած պատերազմներն ու սուրիացի մեծաթիւ տեղահանուածներուն Լիբանան ժամանումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը պատրաստուի տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներ իրագործելու` ամրապնդելով արդիւնաբերութեան մարզերը, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելով փտածութեան դէմ պայքարը:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Հէյլ նախագահ Աունին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի շրջան այցելութեան նպատակները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ զարգացումներուն մասին ամերիկեան տեսակէտներուն` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հէյլը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պըրրի ակնարկեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող ոտնձգութիւններուն, որոնք խախտում կը նկատուին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ աշխատանքի ձեռնարկելու յանդգնութիւնը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Պըրրի շեշտեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման անհրաժեշտութիւնը:

Հարիրիի Մօտ

Հէյլ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ հաստատեց, որ լիբանանցիները քաղաքական մեծ որոշումներ պէտք է տան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կը զօրակցին լիբանանեան հաստատութիւններուն, յատկապէս լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար Լիբանանի սահմանները:

Ան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դիմադրելու համար իրանեան վտանգաւոր արարքներուն, որոնք կը գործադրուին ամբողջ շրջանին մէջ: «Այդ արարքներէն է նաեւ ֆինանսաւորումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին է նաեւ Հըզպալլան», ըսաւ Հէյլ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան միակ իրաւասու կողմն է ինքզինք պաշտպանելու` նշելով, որ լիբանանցիները պէտք է հսկայ որոշումներ տան: «Կարելի չէ ընդունիլ, որ միլիս մը գետնափոր փապուղիներ պատրաստէ եւ կայունութեան սպառնացող հրթիռներու պահեստանոց մը ունենայ», շեշտեց Հէյլ:

Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը մօտէն կը հետեւի այս բոլորին, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին: «Անշուշտ այդ կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի պարտականութիւնն է, սակայն կառավարութեան բնոյթը բոլորին համար կարեւոր է: Մենք կը վստահինք այս դժուար օրերուն ընթացքին Լիբանանի ղեկավարներուն կարողութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցինք, որ ընթացաւարտ կառավարութիւնը աշխատանքները շարունակէ` պահպանելու համար Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը», եզրափակեց Հէյլ:

Պասիլի Եւ Հասան Խալիլի Հետ

Պուսթրոս պալատին մէջ Հէյլ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան շահագրգռուած է Սուրիոյ վերակառուցումով:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի սահմանագիծին վրայ տիրող զարգացումներուն` Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողային ամբողջականութեան եւ ոչ մէկ թիզ հող կը զիջի թշնամի Իսրայէլին:

Ան նշեց, որ սահմանային զարգացումները կրնան առիթ ըլլալ, որ ՄԱԿ-ի վերահսկողութեամբ կարելի ըլլայ համաձայնութեան մը յանգիլ` կանխարգիլելով սահմանային իրավիճակի ելեկտրականացումը:

Հէյլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւնը` կեդրոնանալով տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Լիպիա Կը Պահանջէ Լիբանանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Խզել

Յաջորդը

Վաղը Փարիզի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպում

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?