Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթաֆըր Փայնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-աւստրալիական զինուորական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ եւ նախագահական պալատի հարցերով պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, ինչպէս նաեւ նախարար Փայնի ընկերակցող աւստրալիական պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը` տարբեր մարզերուն մէջ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը քաջալերէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական յարաբերութիւնները` հակառակ անոնց աշխարհագրական դիրքին, այլ խօսքով` հեռաւորութեան պատճառով ստեղծուած առեւտրական բարդութիւններուն:
Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց նաեւ Սիտնիի ու Մելպուրնի մէջ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներուն գործունէութեան աշխուժացումը:
Նախագահ Աուն Աւստրալիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոր կատարած մնայուն օժանդակութեան համար:
Ան Փայնին ներկայացուց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին իրագործած յաղթանակները, յատկապէս երկրին արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկիչներէն մաքրագործելու եւ ահաբեկչական բջիջներ բացայայտելու հսկայ աշխատանքը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի կեցուածքը յստակ է` սուրիացի տեղահանուածներուն առումով` հաստատելով, որ Լիբանան կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ արդէն իսկ կան մեծ թիւով տարածքներ, որոնք կայուն եւ ապահով վիճակի մէջ են:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Աւստրալիա զօրակցի Լիբանանը մարդկային երկխօսութեան ակադեմիայի վերածելու լիբանանեան նախաձեռնութեան:
Իր կարգին, Փայն յայտնեց, որ հակառակ անոր որ ասիկա դէպի Լիբանան իր առաջին այցելութիւնն է, սակայն ինք զօրակցած է Լիբանանի կեցուածքներուն եւ նախագահ Աունի տեսակէտներուն, երբ նախագահ Աուն տակաւին Ֆրանսա կը գտնուէր:
Փայն շեշտեց, որ Աւստրալիա Լիբանանին նեցուկ կը կանգնի եւ կը հպարտանայ Աւստրալիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ լիբանանցիներուն գոյութեամբ` նկատի ունենալով անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը Աւստրալիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ:
Փայն հաստատեց, որ Աւստրալիա պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ իր դերակատարութիւնը լրիւ կատարել: Ան նշեց, որ Աւստրալիա պիտի զօրակցի Լիբանանը մարդկային երկխօսութեան ակադեմիայի վերածելու լիբանանեան նախաձեռնութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան էր եւ կը մնայ տարբեր քաղաքակրթութիւններու, համայնքներու եւ ցեղերու հանդիպման վայրը:
Այն Թինէի Մէջ
Փայն այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային ներկայ իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փայն յայտնեց, որ ինք ուրախ է Լիբանան կատարած իր այցելութեան համար` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին հետ իրենց յարաբերութիւնը շատ հզօր է, յատկապէս ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու առումով:
«ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին առումով ապահովական տեղեկութիւններու փոխանակումը շատ կարեւոր էր Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ», ըսաւ Փայն` աւելցնելով, որ իրենք Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն նիւթական ու մարդկային օժանդակութիւն կը տրամադրեն եւ ուրախ են, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կը կազմեն:
Հարիրիի Մօտ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Փայնը եւ անոր ընկերակցող զինուորական պատուիրակութիւնն ու Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Եարզէի Մէջ
Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ իր կարգին Եարզէի մէջ ընդունեց աւստրալիացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով զինուորական մարզին մէջ համաձայնագիր մը ստորագրելու կարելիութիւնը` զօրակցելու համար լիբանանեան բանակին:
Հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով յատուկ տեղեկութիւններ փոխանակելու կարեւորութիւնը:
Սարրաֆ շեշտեց Աւստրալիոյ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերականգնելու իմաստով:
Նշենք, որ Փայն պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց լիբանանեան բանակի նահատակներու յուշակոթողին:



