Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին դրուատեց Պքերքէի մէջ միջմարոնիական խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտասանած խօսքը` մաղթելով, որ հանդիպումի աւարտին այդ խօսքին վրայ հիմնուելով կարելի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ:
Պըրրի վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: «Կառավարութեան խիստ կարիքը կայ եւ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին այդ կառավարութիւնը կազմել, քաղաքական տարակարծութիւնները խորացնելու փոխարէն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլի հետ իր հանդիպումին` Պըրրի շեշտեց, որ Հէյլ խոստացած է Լիբանանի հետ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը քննարկել եռակողմանի նիստին, որուն ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը աւելի ուշ գործի կը վերածուի:
Միւս կողմէ, Պըրրի պատասխանեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովին մասնակցող սեփական մարզի լսարանին ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարուած այն յայտարարութեան, թէ ինք կը ցաւի Լիպիոյ պատուիրակութեան վեհաժողովին չմասնակցելուն առիթով: Պըրրի ըսաւ. «Պէտք է ցաւիլ եւ շատ ցաւիլ ոչ թէ լիպիական պատուիրակութեան բացակայութեան համար, այլ` չորս տասնամեակներ առաջ Լիբանանի` ամբողջ Լիբանանի դէմ Լիպիոյ կողմէ գործուած մայր չարիքին դէմ լիբանանեան պատուիրակութեան բացակայութեան համար»:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին նախագահելէ ետք, Պըրրի նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ զգուշացուց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան սահմանամերձ շրջանին վրայ կառուցուող քարաշէն պատնէշին շինութեան գծով եւ ՄԱԿ-էն պահանջեց այդ շինութիւնը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-էն պահանջեց Ուազզանիի աւազեայ պարկերով ստեղծուած պատնէշին վերջ տալ ու դադրեցնել ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի վերեւ գործուող իսրայէլեան օդուժին թռիչքները: Խալիլ նաեւ պահանջեց Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով լիբանանեան օդային տարածքին օգտագործումը:
Խալիլ յայտնեց, որ պլոքը քննարկած է նաեւ բնակարանային վարկերու վերաբերող օրէնքին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած է շարք մը օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին հանրութեան բարօրութեան:
Պլոքը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կրնայ դատավարութեան ենթարկուիլ` ելեկտրածին շարժակներէ ստացուած ելեկտրականութեան հաշուիչները միացնելու առումով, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուած ըլլալուն թղթածրարին նկատմամբ Լիպիոյ կողմէ ցուցաբերուած անտեսումը: