Ռիատի Մէջ. Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սալման Թագաւորին Հետ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-սէուտական գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները: Հարիրի Սալման թագաւորին հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ նախարարներէն Մոհամետ Իպան, արտաքին գործոց նախարարի օգնական Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Ասսաֆ, թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլա, Լիբանանի...



















