Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Պահանջուածը Այն Է, Որ Տեղահանուածներուն Հարցով Պետութիւնը Աւելի Լուրջ Եւ Աշխուժ Ըլլայ»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կարեւոր է եւ պահանջուածը այն է, որ տեղահանուածներուն հարցով լիբանանեան պետութիւնը աւելի լուրջ եւ աշխուժ ըլլայ: Պլոքը ընդգծեց, որ խնդրոյ առարկայ մարմիններուն մօտ կառավարութիւնը պէտք է բարձրաձայնէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլէ թշնամի Իսրայէլին լիբանանեան ջուրերուն ու...



















