Խորհրդարանը, նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ կէսօրէ առաջ շարունակեց գումարել օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել 36 օրինագիծէ բաղկացած օրակարգը:
Երկօրեայ օրէնսդրական լիագումար նիստերուն ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց 17 օրինագիծեր, իսկ խորհրդարանական յանձնախումբերուն վերադարձուց 18 օրինագիծեր` զանոնք բիւրեղացնելու եւ վերստին մշակելու նպատակով:
Նշենք, որ Պըրրի յայտարարեց, թէ խորհրդարանը մարտի երկրորդ կիսուն պիտի գումարէ կառավարութեան աշխատանքին հսկելու այլ նիստ մը:



