Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան Եւ Արպիտ Յայտարարեցին 19 Մարտին Տեղի Ունենալիք Զբօսաշրջական Խորհրդաժողովին Մասին

March 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին այցելեց Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի կեդրոն, ուր ան մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տուաւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի, Տնտեսական- ընկերային խորհուրդի զբօսաշրջութեան, փոխադրութեան եւ քաղաքացիական աշխատանքի կազմակերպումի յանձնախումբի նախագահ Ուատիհ Քանաանի եւ Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի հետ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Կիտանեան եւ Արպիտ յայտարարեցին 19 մարտին տեղի ունենալիք «Զբօսաշրջական ազգային խորհրդաժողով»-ին մասին` նշելով, որ խորհրդաժողովը պիտի վայելէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութիւնը եւ պիտի կրէ «Դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն» խորագիրը:

Արպիտ շեշտեց, որ այս խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ պիտի արձանագրուին դրական արդիւնքներ` աւելցնելով, որ կայ ազգային ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն է ամրապնդել արդիւնաբերական մարզերը, որոնց մեծ մասը կը վերաբերի զբօսաշրջութեան:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովին մասին յայտարարութիւն կատարելու Արպիտի նախաձեռնութեան համար` նկատել տալով, որ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու փափաքին իր հակազդեցութիւնը եղած է այն, որ այդ խորհրդաժողովը կայացնելու սիրոյն պէտք չէ կայանայ, այլ` դրական արդիւնքներու յանգելու նպատակով:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ պէտք է կեդրոնանալ զբօսաշրջիկներու տարբեր տեսակներ Լիբանան ուղղելու աշխատանքին վրայ: «Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկները պէտք է բոլոր երկիրներէն ըլլան, իսկ ասիկա իրագործելու համար մենք հսկայական ճիգեր պէտք է ի գործ դնենք», հաստատեց ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ «Զբօսաշրջական ազգային խորհրդաժողով»-ին պիտի մասնակցին Յունաստանի զբօսաշրջութեան նախարար Էլինա Քոնթուրան, Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայի` նկատի ունենալով, որ այդ կազմակերպութեան մաս կը կազմէ 250 պետութիւն, ինչպէս նաեւ Մարոքի զբօսաշրջութեան նախարարութենէն ներկայացուցիչ մը, որոնք իրենց փորձառութիւնը պիտի բաժնեն մեզի հետ` նպատակ ունենալով Լիբանանի համար ապահովել զբօսաշրջութեան բացառիկ մարզ մը: «Զբօսաշրջութիւնը միակ աղբիւրն է, որուն կրնանք վստահիլ` մաղթելով, որ այդ մարզին նկատմամբ պետութեան կողմէ զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի», շեշտեց Ա. Կիտանեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ղարիպ Ցաւ Կը Յայտնէ Տեղահանուածներու Թղթածրարին Նկատմամբ Կարգ Մը Քաղաքական Ուժերուն Սխալ Ուղղուածութեան Մասին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.