ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ իրենք կայուն զարգացող բարգաւաճման եւ աշխատանքը հեզասահ ընթացքով շարունակելու ճիգերուն կը զօրակցին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս հաստատեց, որ Սուրիա կատարելիք իր այցելութիւնը թեքնիք այցելութիւն մըն է, որուն նպատակն է դիւրացնել դէպի արաբական երկիրներ լիբանանեան արտադրութեան արտածումը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լեռնալիբանանը բաղկացնող տարրերուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է պահպանել:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ Պու Սաապի եւ եգիպտացի անոր պաշտօնակիցին կողմէ փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման հեռանկարները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան կոչ ուղղեց բոլոր նահանգապետներուն, որ իրենց աշխատանքը համադրեն ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ` նախքան տեղահանուածներու գաղթակայաններուն վերաբերեալ քայլերու դիմելը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Խալիլ ընդունեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Նշենք, որ Խալիլ հաստատեց, որ երկիրը փրկելու միակ բանալին պետական ամավարկը կարելի եղածին չափ արագ պատրաստելն է:
ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ բարեկարգումի գործադրութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարին վրայ կեդրոնացումը «Սետր»-էն աւելի կարեւոր է եւ առաջնահերթ: Միւս կողմէ, Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիոյ կողմէ տրուած դիւրութիւնները, որ լիբանանեան արտադրութիւնները արաբական աշխարհ հասնին` երկրին տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու մեծ յոյսեր կը ներշնչեն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ քաղաքական որոշ կողմեր կը փորձեն դատական իշխանութիւնները իրենց հակակշիռին տակ առնել: Իր կարգին, Սինիորա ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է փաստէ, թէ ինք անկողմնակալ է եւ ոչ թէ այս կամ այն ուժին կողմէ օգտագործուող իշխանութիւն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդը յստակ նպատակներ չի հետապնդեր` աւելցնելով, որ բարեկարգումը խորհրդարանին ընդմէջէն կ՛իրագործուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելէ եւ այդ պայքարը յաղթանակով պսակելէ բացի այլ ելք չկայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի շեշտեց, որ կրթական համակարգի բարգաւաճման մէջ ուսուցիչներուն չափ կարեւոր է նաեւ ուսումնական ծրագիրը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներէն` հաստատեց, որ վարչապետը Պրիւքսելի մէջ պիտի ընդգծէ, թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ կրել տեղահանուածներու ծանր բեռը: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի «Պրիւքսել 3»-էն երկու միլիառ տոլար պահանջէ` տեղահանուածներու հիւրընկալ ընկերութիւններուն համար:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն տեղահանուածներու թղթածրարին մասին յստակ անդրադարձ պիտի կատարէ Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին: