Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերլինի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

March 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսի 53-րդ փուլին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 180 երկիրներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ գործարարներ:

Նախարար Կիտանեան այս առիթով զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող Լիբանանի տաղաւարին բացումը կատարեց` ներկայութեամբ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի, լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզի եւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչներուն:

Ա. Կիտանեան Լիբանանի յատուկ զբօսաշրջական տաղաւարին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին էին Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Զուրապ Պոլոլիքաշվիլի, Գերմանիոյ զբօսաշրջութեան նախարար եւ Պերլինի քաղաքապետ Մայքըլ Միլըր, Գերմանիոյ զբօսաշրջական խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Թոմաս Պարիպ, Խրուաթիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Կերի Քափելլի, Օմանի զբօսաշրջութեան նախարար Ահմետ պըն Նասեր Մահրազի, Մարոքի զբօսաշրջութեան նախարար Լամիա Պու Թալեպ եւ «Քաթար էրուէյզ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Աքպար Պաքեր:

Պերլինի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին իր մասնակցութեան առիթով նախարար Կիտանեան միջազգային, եւրոպական, գերմանական եւ արաբական լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան զբօսաշրջական երկիր է եւ կարողութիւնը ունի իր հիւրընկալած զբօսաշրջիկներուն թիւէն շատ աւելին հիւրընկալելու:

«Այսօր մենք կարիքը ունինք զբօսաշրջական յստակ ծրագիրի մը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի ամիս մը ետք: Իսկ Զբօսաշրջական մարզի աշխուժացման խորհուրդի կազմութիւնը պիտի ըլլայ կարեւորագոյնը` նկատի ունենալով, որ այդ խորհուրդը պիտի համակարգէ պետական եւ սեփական մարզերուն աշխատանքը: Մենք պիտի ունենանք զբօսաշրջական քաղաքականութիւն եւ զբօսաշրջական մարզի ներդրումներ», հաստատեց նախարար Կիտանեան:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջական ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը յաւելեալ պատճառ է եւրոպացի զբօսաշրջիկները, յատակպէս գերմանացի զբօսաշրջիկները խրախուսելու, որ այցելեն Լիբանան: «Հոս կ՛արժէ ըսել, թէ Լիբանան այցելող եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն մէջ գերմանացի զբօսաշրջիկները երկրորդ մակարդակի վրայ կարելի է դասել: Լիբանանի համար զբօսաշրջական լաւագոյն տարին նկատուող տարուան ընթացքին` 2010-ին Լիբանան այցելած եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է 75 հազարի, իսկ 2018-ին այդ թիւը բարձրացած է 105 հազարի, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ Լիբանան զբօսաշրջական ապահով վայր է, իսկ եւրոպացի զբօսաշրջիկը Լիբանան կ՛այցելէ իմանալով, թէ իր ապահովութեան վտանգ չի սպառնար», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ ցուցահանդէսին ընթացքին ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին շօշափած է Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը:

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Ֆիրուզնիան

Նախարար Ա. Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական մարզի գործակցութեան ամրապնդումը:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանան կը հետեւի զբօսաշրջական բազմազանութեան քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ ամրան ընթացքին Լիբանան պիտի յորդի զբօսաշրջիկներով:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Շատ Կարեւոր Է Եւ Համազօր` Բռնագրաւումին Դէմ Դիմադրութեան Մղած Սուրբ Պայքարին»

Յաջորդը

Ֆիլիփօ Կրանտի Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.