Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կարեւոր նկատեց լիբանանեան թղթոսկիով աշխատիլը:
«Հաւատալով, որ լիբանանեան թղթոսկին մեր երաշխիքն է, պիտի ներկայացնեմ օրինագիծ մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի առաջարկուի պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս բջիջային հեռաձայնի զոյգ ընկերութիւններուն նիւթական ամբողջ գործառնութիւնը կատարել միայն լիբանանեան թղթոսկիով»:



