Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարիպ Ցաւ Կը Յայտնէ Տեղահանուածներու Թղթածրարին Նկատմամբ Կարգ Մը Քաղաքական Ուժերուն Սխալ Ուղղուածութեան Մասին

March 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ երէկ յայտնեց, որ  նախարարութեան աշխատանքները ստանձնելէն ի վեր ներքին եւ արտաքին իմաստով գործած է` փորձելով այդ թղթածրարին շուրջ ազգային համախոհութիւն ստեղծել, որովհետեւ տեղահանուածներու թղթածրարը մարդկային հարց է եւ զայն պէտք է քաղաքական տարակարծութիւններէ հեռու պահել, «սակայն ցաւ ի սիրտ ոմանք կը փորձեն համախոհութիւնը խզել», ըսաւ ան:

Ղարիպ ցաւ յայտնեց տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ կարգ մը քաղաքական ուժերու սխալ ուղղուածութեան վերաբերեալ` շեշտելով, որ այդ մօտեցումը ցոյց կու տայ, թէ ոմանք կ՛ուղղուին տեղահանուածներու թղթածրարին առումով նախկին կառավարութեան քաղաքականութիւնը որդեգրելու: Ան նշեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովի հրաւէրին իմաստով կարգ ու կանոնը շրջանցուած է:

«Տեղահանուածներու հարցերու նախարարութեան շրջանցումը` Պրիւքսելի խորհրդաժողովէն, իմ անձս շրջանցելու համազօր չէ, այլ` տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու մեր մտայնութիւնը շրջանցելու փորձ», ըսաւ ան:

Ղարիպի բողոքին իբրեւ պատասխան` վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովի նախապատրաստական լսարաններուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկու նախարարները (ընկերային հարցերու եւ կրթութեան) ուղղակի հրաւէրներ ստացած են Եւրոպական Միութենէն, իսկ խորհրդաժողովի մասնակցութեան հրաւէրները ուղղուած են միայն վարչապետ Հարիրիին եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին:

Նշենք, որ Ղարիպ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Ղարիպ յայտնեց, որ քննարկուած է սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու է տեղահանուածներու տունդարձին եւ անոնց բոլոր իրաւունքներուն վերադարձին:

Ղարիպ նշեց, որ իրենց ընթացքը կարելի չէ դատապարտել եւ ցեղապաշտութիւն կոչել` հաստատելով, որ իրենք պարզապէս կը հետապնդեն Լիբանանի շահերը, եւ Լիբանան այլեւս չի կրնար նման կացութիւն հանդուրժել, ինչ որ բոլորին համար հասկնալի է:

Նախորդը

Կիտանեան Եւ Արպիտ Յայտարարեցին 19 Մարտին Տեղի Ունենալիք Զբօսաշրջական Խորհրդաժողովին Մասին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.