Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումար Նիստ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ
Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին ընտրեց նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի 7 անդամները: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 95 քուէներով ընտրուեցաւ նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի անդամ: Խորհուրդին անդամ ընտրուեցան նաեւ Ժորժ Օքէյս, Ալի Ամմար, Ֆայսալ Սայեղ, Ժորժ Աթալլա, Սամիր Ժսըր եւ Էլիաս Հանքաշ:...




















