Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հոլլանտի Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Որոշումներուն Գործադրութիւնը

March 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այն բարեկարգումները, որոնք պէտք է կատարուին` զարկ տալու համար երկրին տնտեսական զարգացումին:

Նախագահ Աուն եւ Հոլլանտ քննարկեցին նաեւ Լիբանանի ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի հարցերուն:

Ժոմպլաթ – Հոլլանտ Հանդիպում  

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին Մուխթարայի մէջ ընդունեց Հոլլանտը, որ յայտնեց, թէ Լիբանան ամբողջ աշխարհին համար կրնայ խաղաղութեան եւ ազգային միասնականութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ` նկատի ունենալով, որ ան կ՛ապրի պատերազմներով փոթորկոտ շրջանի մը մէջ` պահպանելով իր խաղաղութիւնն ու միասնականութիւնը:

Հոլլանտ նշեց, որ իր եւ Ժոմպլաթի միջեւ անձնական բարեկամութիւնը կը դրսեւորէ լիբանանցի եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերը:

Հոլլանտ նշեց, որ Միջին Արեւելքի փոթորիկը իր հետեւանքները ունեցած է ամբողջ աշխարհին վրայ, «նոյնիսկ` Ֆրանսայի, որ ցնցուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող ահաբեկչական կացութենէն», ըսաւ ան:

Հոլլանտ ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ամբողջ աշխարհին մէջ կարելի ըլլայ մեղմացնել անոր ազդեցութիւնը:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք արդէն որոշ տարիքի է եւ իր զաւակներուն կը կտակէ ազատութեան ջահը, ինչպէս նաեւ կը կտակէ այն առաքելութիւնը, որ Մուխթարայի պալատը պահեն իբրեւ ներողամտութեան խորհրդանիշ:

Ժոմպլաթ իր եւ Լեռնալիբանանի հաշտութեան հովանաւոր, մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի անունով բարի գալուստ մաղթեց Հոլլանտին:

Ան նշեց, որ սուրիական վարչակարգը մերժեց սուրիացի ժողովուրդին պահանջները ճանչնալ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը յարգել` աւելցնելով, որ Հոլլանտ միակն էր, որ միջամտեց այս իմաստով:

 

Նախորդը

Հայ Կինը` Մեր Կեանքին Իրաւունքը Խթանողը

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Ռայա Հասանի Հետ Քննարկեց Ներքին Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.