Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիլիփօ Կրանտի Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

March 9, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարի:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի գերատեսչութեան օժանդակելու, որ սուրիացի տեղահանուածներուն անյապաղ տունդարձը կարելի ըլլայ ապահովել:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը միշտ պիտի գործակցի տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի յանձնակատարին հետ` յատկապէս ապահովելու համար տեղահանուածներու տունդարձը:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձէն ետք անոնց տրամադրուելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Ան ընդգծեց տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպող լիբանանեան կողմերուն, մասնաւորաբար` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ սուրիական իշխանութիւններուն գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Կրանտի իր կարգին նախագահ Աունին ներկայացուց տուն դարձած տեղահանուածներուն կատարած իր այցելութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ անոնց կացութիւնը մտահոգիչ չէ: Ան անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի պատասխանատուներուն հետ իր բանակցութիւններուն մասին, որոնք կը կատարուին տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու նպատակով:

Կրանտի ողջունեց տեղահանուածներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու իր դերը կատարելու իմաստով լիբանանցի պատասխանատուներէն ստացած իր զօրակցութիւնը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Կրանտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Պասիլի Հետ

Կրանտի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց տեղահանուածներու թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Կրանտի յայտնեց, որ ըստ լիբանանեան պետութեան, Լիբանանէն Սուրիա վերադարձած են 165 հազար սուրիացի տեղահանուածներ:

Կրանտի աւելցուց, որ տակաւին կան մեծ թիւով տեղահանուածներ, որոնք կը փափաքին տունդարձ կատարել, սակայն անոնք ունին կարգ մը մտավախութիւններ, զորս փարատելու ուղղութեամբ կը գործէ ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու գերատեսչութիւնը` գործակցութեամբ Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու:

Կրանտի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն տեղահանուածներուն տունդարձը խոչընդոտող արգելքները վերացնելու համար:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին ընդունեց Կրանտին:

Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այն գործառնութիւնները, որոնք Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կը կատարուին` տուն վերադառնալ փափաքող տեղահանուածներուն տունդարձը կազմակերպելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Պերլինի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Հանդիպում` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբի Պատգամաւորներուն Միջեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.