Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պետին եւ Կիպրոսի, Յունաստանի ու Իտալիոյ իր պաշտօնակիցներուն յղեց նամակ մը Իսրայէլէն Կիպրոս, Յունաստան եւ ապա Իտալիա երկարող նաւթատարին մասին:
Նամակին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող երկրին յատուկ տնտեսական շրջանին դէմ որեւէ ոտնձգութիւն եւ այս իմաստով կոչ կ՛ուղղէ կառչած մնալու միջազգային օրէնքներու գործադրութեան:
«Լիբանան պիտի չարտօնէ, որ իր իրաւունքներուն եւ գերիշխանութեան դէմ յարձակումներ եւ ոտնձգութիւններ կատարուին», հաստատեց Պասիլ:



