Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Շատ Կարեւոր Է Եւ Համազօր` Բռնագրաւումին Դէմ Դիմադրութեան Մղած Սուրբ Պայքարին»

March 9, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիմադրութեան զօրակցող խորհուրդին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով` երէկ յետմիջօրէին Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:

Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Դիմադրութեան օժանդակեցին եւ կամաւորաբար գործեցին, մինչեւ որ Դիմադրութիւնը հզօրացաւ:

Ան նշեց, որ ոմանք կը կարծեն, թէ Դիմադրութիւնը կը գոյատեւէ միայն Իրանի եւ նուիրատուներու գումարներով, «սակայն պէտք է հաստատել, որ Դիմադրութիւնը կը գոյատեւէ նաեւ ժողովրդային հսկայ օժանդակութեամբ ու զօրակցութեամբ»:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլային վերաբերող Բրիտանիոյ որոշումը` զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու, կրնայ որդեգրուիլ նաեւ այլ երկիրներու կողմէ` աւելցնելով, որ կուսակցութեան դէմ պատժամիջոցներն ու դրամատնային սեղմումները կը շարունակուին, սակայն անոնք ոչ մէկ ձեւով ազդեցութիւն կը գործեն Դիմադրութեան վրայ:

Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր յաղթանակներուն շարքը: «Այս պատճառով է արդէն, որ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի, որովհետեւ ան կը շարունակէ իրերայաջորդ յաղթանակներ արձանագրել, իր երկրին գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը  պաշտպանել: Միացեալ Նահանգներ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ պարտուեցան, իսկ ամէնօրեայ պարտութիւններ կը կրեն նաեւ Եմէնի մէջ: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին կը սարսափի պատերազմներէ, իսկ մենք իւրաքանչիւր ահաբեկումէ ետք աւելի հզօր դուրս կու գանք», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան զուգահեռներ գծեց Իսրայէլի բռնարարքներուն դիմադրութեան եւ փտածութեան պայքարին միջեւ` ընդգծելով, որ փտածութեան դէմ պայքարը շատ կարեւոր է եւ համազօր` բռնագրաւումին դէմ Դիմադրութեան մղած սուրբ պայքարին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ իր առած քայլերուն առումով Հըզպալլայի նպատակը քաղաքական վրէժխնդրութիւնը չէ, այլ` տնտեսական եւ ելեւմտական ցնցումներու կանխարգիլումը: «Մենք ոչ ոքի հետ մրցակցութեան մէջ ենք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ժահժահ – Պուխարի Հանդիպում

Յաջորդը

Պերլինի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.