Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Էլիսթեր Պըրթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի վարչակարգը ճիգ չի խնայեր, որ երկիրը ունենայ դրական ընթացք եւ փրկուի իր գտնուած ներկայ իրավիճակէն:
Ան ըսաւ, թէ կառավարութիւնը վճռակամ է տնտեսական զարթօնքի իր ծրագիրը գործադրելու եւ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարեփոխելու` զայն վերածելով արդիւնաբեր տնտեսութեան: «Կը ջանանք գործադրել նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին բանաձեւերը, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին բարեկարգումներուն եւ պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացման», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան ողջունեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, մասնաւորաբար Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ բանակին տրամադրուած սահմանային հսկողութեան աշտարակները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթայէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներն ու ահաբեկիչները վտարելու աշխատանքին մէջ:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան իմացած է Հըզպալլայի մասին Բրիտանիոյ որդեգրած կեցուածքը` աւելցնելով, թէ օգտակար պիտի ըլլայ հաստատել, որ Հըզպալլայի շրջանային տարողութիւնը չի նշանակեր, որ լիբանանեան քաղաքականութեան վրայ անոր ազդեցութիւնը կը գերազանցէ լիբանանցի ժողովուրդին, կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալու անոր իրողութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք է Լիբանանին զօրակցիլ, որպէսզի ան կարենայ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորել, որովհետեւ տեղահանուածներուն կեցութեան հետեւանքները օրըստօրէ աւելի եւս կը շեշտուին:
Պըրթ մաղթեց, որ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդուին, եւ գործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ աշխուժացում կ՛արձանագրէ:
Ան նշեց, որ Լոնտոնի մէջ վերջերս տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովը լիբանանեան տնտեսութեան բրիտանական զօրակցութիւն է:
Պըրթ ընդգծեց, որ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները պիտի չազդուին Հըզպալլայի նկատմամբ Բրիտանիոյ որդեգրած որեւէ կեցուածքէ:
Պու Սաապի Մօտ
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պըրթը` ընկերակցութեամբ դեսպան Ռամպլինկի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրթ շեշտեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին` հաստատելով, որ Հըզպալլայի նկատմամբ Բրիտանիոյ որդեգրած կեցուածքը լիբանանեան պետութեան եւ բանակին հետ յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ:
Իր կարգին, Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու` նաեւ ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան գործակցութեան մակարդակով, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը միասնաբար մղելու առումով:
Պու Սաապ հաստատեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:
Ապպաս Իպրահիմի Հետ
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին ընդունեց Պըրթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու թափուած միացեալ ճիգերը եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնն ու աշխատանքի համադրումը` ի մասնաւորի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ:




