Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Ամառ Լիբանան Այցելող Զբօսաշրջիկներու Նոր Մրցանիշ Մը Պիտի Հաստատուի» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

April 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, «Հոսփիթելիթի սըրվիսըզ» ընկերութիւնը, «Պիել սիսայտ արենա»-ի մէջ բացումը կատարեց «Հորեքա Լեպանոն» 26-րդ ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր, զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու նախագահներ եւ ծանօթ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ:

Նախարար Կիտանեան ողջունեց Զբօսաշրջութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆային, որ միշտ կը փաստէ իր սէրը Լիբանանի նկատմամբ: Ան նշեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ռիֆայիի ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ պիտի ստորագրուի գործակցութեան համաձայնագիր մը Կիպրոսի եւ Յունաստանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն հետ` ամրապնդելու համար զբօսաշրջական եռակողմանի յարաբերութիւնները:

«Երկրին զբօսաշրջութիւնը վերաշխուժացնելու որոշում կայ, որպէսզի անիկա ըլլայ երկրին տնտեսութեան հիմնական նեցուկը` յատկապէս նկատի ունենալով այն տուեալները, որոնք կը յուշեն զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրելիք ապաքինումին մասին: Կամայ թէ ակամայ, բոլոր թիւերն ու վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ զբօսաշրջութեան մարզին վիճակը պիտի բարելաւուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը գտնուի ճիշդ հունի մէջ` մօտիկ ապագային իր յայտարարելիք զբօսաշրջական ծրագիրին առումով:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ «Հորեքա Լեպանոն» ցուցահանդէսը վերածուած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը ներկայացնող հոյակապ մակնիշի, որ էր եւ պիտի մնայ ներքին եւ արտաքին մասնագիտութիւններն ու փորձառութիւնները միախառնող միակ հասցէն:

Նախարար Կիտանեան նաեւ նախատեսեց, որ այս ամառ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու նոր մրցանիշ մը հաստատուի:

 

 

Նախորդը

Իրաքի Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Վենեզուելայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.